
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 25 Հոկտեմբերին Ազգային ժողովը ընդունեց «Նուազագոյն աշխատավարձի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու օրէնքին նախագիծը, ըստ որուն, նուազագոյն աշխատավարձը կ՛աւելնայ 2500 դրամով։ Օրէնքը ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 Յունուար 2013էն սկսեալ։ Ձայներու յարաբերակցութիւնը հետեւալն էր. թեր՝ 65, դէմ՝ 7 եւ ձեռնպահ՝ 25։
Նուազագոյն աշխատավարձը ներկայիս 32 հազար 500 դրամ է, յառաջիկայ տարի պիտի ըլլայ 35 հազար:
Նուազագոյն աշխատավարձի նախատեսուող բարձրացման համար հիմք ընդունուած է 2013-2015 թուականներու պետական միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրով 2013 թուականի համար սահմանուած նուազագոյն ամսական աշխատավարձը: Հայաստանի կառավարութեան կողմէ այս տարուան 18 Յունիսին տրուած որոշումով համաձայնութիւն տրուեցաւ Հայաստանի 2012-2017ի ծրագիրով նշուած ժամանակաշրջանին նուազագոյն աշխատավարձը առնուազն կրկնապատկել: