
ԳԱՀԻՐԷ.- Գահիրէի ՀՄԸՄի Արարատ մարզական ակումբը կազմակերպեց իր ձմեռնային եղանակի բացումը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18ին «Մէօթեմետեան» սրահէն ներս, շուրջ հարիւր հիւրերու ներկայութեամբ: «Միջոցառումը անցաւ հաճելի ընկերային մթնոլորտի մէջ, նամանաւանդ որ առաջին անգամն ըլլալով եգիպտահայ համայնքին կը ներկայանար Ռուբէն Կարսեան եւ իր նուագախումբը, որոնք շատ ջերմ ընդունուեցան ներկաներուն կողմէ», կ՛ըսէ ակումբին վարչութեան անդամ Ֆրետի Բենիամին Իրատեան: Կարսեան եւ Իսլամ Շաիռ ներկայացուցին երեք հայերէն երգեր, ինչպէս նաեւ պարսկերէն, հնդկերէն եւ արաբերէն երգեր: Բացման արարողութեան ներկայ էր եգիպտահայ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, Գաբրիէլ աբղ. Սարգսեան, Յակոբ քհնյ. Յակոբեան եւ Գահիրէի Թեմական ժողովի ատենապետ Նուպար Սիմոնեան: