ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկու հայկական պետութիւններու համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Բակօ Սահակեան ու Սերժ Սարգսեան անդրադարձ կատարած են նաեւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, բանակի կազմութեան եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.