
Պոլսահայ միութեան կազմակերպութեամբ, ՀԲԸՄի Համաշխարհային խաղերու Յաղթանակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14ին, միութեան շէնքի «Գուրեան դարատափ»ին վրայ: Սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած էր մեծարելու համար այն երիտասարդ մարզիկները, որոնք նշեալ խաղերուն ընթացքին հագած էին Պոլսահայ միութեան «Պոլիս» խումբի համազգեստները:
75է աւելի հիւրեր վայելեցին երաժշտութեամբ եւ կարճ խօսքերու ներկայացումով գիշեր մը:
Պոլսահայ միութեան Գործադիր մարմինի ատենապետ Գուրգէն Պերքշանլար, իր խօսքին մէջ խորին երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր կամաւորներուն, մարզիչներուն, մարզիկներուն եւ ՀԲԸՄին: Ան նաեւ ՀԲԸՄի պատուոյ անդամ Հրաչ Մանուկեանի նուիրեց բիւրեղեայ յուշանուէր մը, առ ի գնահատանք 1955էն ի վեր իբրեւ մարզիկ եւ մարզիչ՝ մարզական խաղերուն իր բերած մասնակցութիւններուն համար: Ապա, միութեան գործադիր մարմինի փոխատենապետներ Տիգրան Գուրեան եւ Էտի Սարաֆօղլու («Պոլիս» խումբի մարզիկներու ծախսերուն մատակարարը) գնահատանքի յուշատախտակներ յանձնեցին մարզիկներուն: Նաեւ, «Պոլիս» խումբի եւ մարզական յանձնախումբի նորընտիր ատենապետ Հերման Չելիք, բոլոր մարզիկներուն նուիրեց Պոլսահայ միութիւնը խորհրդանշող շքանշաններ: