
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Hyatt» պանդոկներու ցանցը կը պատրաստուի մասնաճիւղ ունենալ նաեւ Երեւանի մէջ։ Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցած է incentivetravel.co.uk-ը՝ նշելով, որ այս նպատակով համագործակցութեան համաձայնագիր կնքուած է «Գինեքար» ընկերութեան հետ:
Նախատեսուած է, որ մինչեւ 2013 թուական պանդոկը արդէն օգտագործման յանձնուի։ Անիկա պիտի ունենայ 96 սենեակ եւ, ըստ աղբիւրի տեղեկութիւններուն, տեղակայուած պիտի ըլլայ Հանրապետութեան հրապարակին մօտ:
«Ուրախ ենք, որ մենք նման անուանի հիւրանոց պիտի ունենանք Երեւանի մէջ՝ քաղաք մը, որ ներկայիս մեծ բարեփոխութիւններ կ՛ապրի», incentivetravel.co.uk-ի համաձայն, յայտարարած է «Hyatt»ի փոխնախագահ Փիթեր Նորմըն:
Նշենք, որ նման անունով պանդոկներ կան Հոլանտայի, Զուիցերիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։