ԵՐԵՒԱՆ.- Ծանօթ է որ, վերջերս Հայաստանի մէջ վէճ մը ծագած էր՝ նախկին խորհրդային երկիրներէն Ռուսիա գաղթի «Համaերկրացիներ» ծրագրին շուրջ, զոր Հայաստանի մէջ կը ղեկավարէ Ռուսաստանի գաղթի ծառայութեան ներկայացուցչութիւնը: Հայաթափուող Հայաստանին հասցուած այս նոր հարուածին դէմ բողոքի բազմաթիւ ձայներ բարձրացած էին հայկական կողմէն, որոնց Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հակազդած էր:
Արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, այս խնդիրին նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ յս-տակ դիրքորոշման բացակայութեան մասին քննադատութիւններէ ետք, նշեալ ծրագիրին մասին ըսած է. «Արձանագրութեան մէջ յստակ արտայայտուել են կողմերի դիրքորոշումները: Ռուսական կողմի պնդումով՝ արձանագրութեան մէջ գրուել է, որ ինքը շահագրգիռ է այդ ուղղութեամբ շարունակել աշխատանքները, իսկ հայկական կողմն արձանագրել է, որ կտրականապէս դէմ է դրան: Հայաստանի տարածքում գործողութիւնները որոշում է Հայաստանը: Քանի որ մենք դէմ ենք արտայայտուել այդ ծրագրին, բնական է, որ այն չի կարող իրականացուել», ըսած է Շաւարշ Քոչարեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.