Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4ի կէսօրին Լաս Վեկաս ժամանեց՝ մօտէն հետեւելու համար քաղաքի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներու նորագոյն քայլերուն։
Արդարեւ, եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբը տեղեկագրած էր, որ շինութեան աշխատանքները ստացած են արագ թափ, ինչ որ գոհունակութեան առիթ է ծխական համայնքին ու ընդհանրապէս թեմին համար։
Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանի ու ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեանի ընկերակցութեամբ, առաջնորդ սրբազանը այցելեց եկեղեցի եւ գոհունակութիւն արձանագրեց տարուած աշխատանքին համար՝ բարձր գնահատելով ծխական յանձնախումբին հետեւողական աշխատանքը։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ DREAM FUND-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը հանդիպում ունեցաւ նաեւ ազգային բարերար Գըրք Գըրգորեանի նախաձեռնութեամբ UCLA-ի յարկին տակ հաստատուած «Dream Fund»ի Լաս Վեկասի պատասխանատու-ներկայացուցիչ Լինտի Շումախըրի հետ՝ նկատի ունենալով, որ հիմնադրամը իշխանական նուիրատուութեամբ մը աջակից է եկեղեցւոյ ու Հայ կեդրոնի ծրագիրի իրականացման։ Շումախըր, ընկերակցութեամբ Արտա Եմէնիճեանի, ժամանեց եկեղեցւոյ շինութեան վայրը եւ առաջնորդին հետ միասին ծանօթացաւ աշխատանքի ընթացքին։ Ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ Ատրուշան Արմէնեանը։
Առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց «Dream Fund»ին կողմէ ուսումնական 2012-2013 տարեշրջանին համար մեր ազգային վարժարաններուն տրամադրուած յատուկ յատկացումին առթիւ, որ մեծապէս կը նպաստէ սերնդակերտ աշխատանքին։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնեց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ու համայնքային կեդրոնին վերջերս տրամադրուած առատաձեռն նուիրատուութեան համար, մանաւանդ որ համալիրը պիտի դառնայ շրջանի հայութեան բաբախող սիրտը ու պիտի ծառայէ տարբեր սերունդներու։
Յայտնենք, որ Հինգշաբթի երեկոյեան Լաս Վեկաս ժամանեց նաեւ Ազգ. վարչութեան անդամ եւ կալուածոց յանձնախումբի ատենապետ Վահան Պզտիկեանը՝ ծանօթանալու համար աշխատանքներու ընթացքին ու մասնակից դառնալու յառաջիկայ քայլերուն մասին խորհրդակցութիւններուն:
Նշենք, որ առաջնորդին Լաս Վեկաս այցելութեան առիթով, նախատեսուած է եկեղեցւոյ գմբէթի զետեղումը։ Գմբէթի խաչին օծումը կատարած էր Արամ Ա. կաթողիկոս, թեմին շնորհած հովուապետական այցելութեան ընթացքին, մէկ տարի առաջ։