
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19ին արժանթինահայ յայտնի բժիշկ տոքթ. Սթամպուլեանի գլխաւորած «Զարգացող երկիրներու մէջ փոխանցիկ հիւանդութեանց դէմ պայքար» կազմակերպութեան գործունէութեան մասին ներկայացում մը տեղի պիտի ունենայ «Ուիլըր Քանթրի Քլապ»ին մէջ (301 North Rossmore Avenue):
Ներկայացման ընթացքին, տոքթ. Սթամպուլեան, տոքթ. Անաք եւ տոքթ. Էլմասլեան տեղեկութիւններ պիտի փոխանցեն Հայաստանի մէջ կազմակերպութեան գործունէութեան մասին, որ վերջերս կեդրոնացած է Տաւուշի մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել lkaragumechian@funcei.org.ar հասցէին: