
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 14ին, կ.ե. ժամը 1ին, յաւարտ Ս. պատարագի, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէ՝ «Նիկիական հաւատամքի Ս. Գրային եւ աստուածաբանական մեկնաբանութիւնը» նիւթով: Ձեռնարկը կը հովանաւորեն տոքթ. եւ տիկին Յովհաննէս եւ Քարլա Պարսեմեանները: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214: