Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Գոյութիւն ունին փոխընտրական (alternative) եւ լրացուցիչ (complementary) դարմանամիջոցներու հինգ խմբաւորումներ.
Ա. Բժշկական դարմանամիջոց.
Բ. Մարմնամտային (body-mind) դարմանամիջոց.
Գ. Կենսաբանական դարմանամիջոց.
Դ. Ձեռամարզային (chiro-practice) եւ մարմնամարզային դարմանամիջոց.
Ե. Մարձումային բժշկութիւն (massage therapy).
Զ. Ուժաբուժութիւն (energy therapy):
Ա. Բժշկական դարմանամիջոցներէն կարեւորագոյններն են.
ա. Ayurveda
Այս դարմանամիջոցը ծագում առած է 4000 տարի առաջ Հնդկաստանի մէջ: Անոր հիմքը կը կազմէ այն հասկացողութիւնը, որ հիւանդութիւնը հետեւանքն է մարմինի կեանքի ուժի անհաւասարակշռութեան: Անիկա կ՛օգտագործէ խոտեր, մարձում, խոկում եւ մարմինի ներքին արտադրութիւններու արտահանումի միջոցառումներ, օրինակ՝ գրեխ (enema) եւ քիթի լուացում (lavage):
բ. Նմանաբուժութիւն (homeopathy)
Այս դարմանամիջոցը սկսած է Գերմանիոյ մէջ 1700ական թուականներուն: Անիկա հիմնուած է այն հասկացողութեան վրայ, որ ախտապատճառ մը կը գործէ նաեւ որպէս դարմանամիջոց, այսինքն՝ նիւթ մը որ մեծ քանակութեամբ գործածուելու պարագային կը յառաջացնէ հիւանդութիւն, իսկ քիչ քանակութեամբ գործածուելու պարագային կը դարմանէ յառաջացած հիւանդութիւնը: Այս դարմանամիջոցը կ՛օգտագործէ նիւթեր, որոնք բնականաբար կը գտնուին բնութեան մէջ, օրինակ՝ բոյսեր, խոտեր եւ մետաղներ: Այս նիւթերը ընդհանրապէս յատկանշական վնասակար յատկութիւններ չունին, սակայն հազուադէպօրէն կրնան յառաջացնել գերզգայնութիւն եւ թունաւորում:
գ. Բնութաբուժութիւն (naturopathy)
Բնութաբուժութիւնը կը գործէ այն սկզբունքով, որ բնութիւնը ունի բուժիչ յատկութիւններ: Անոր ջատագովները կը հաւատան, որ՝
1. Կարելի է կանխարգիլել հիւանդութիւն մը հետեւելով առողջապահական միջոցառումներու.
2. Կարելի է դարմանել հիւանդը գործածելով մարմինի բուժիչ կարողականութիւնները.
3. Կարելի է գիտնալ հիւանդութեան մը ախտապատճառը եւ ապա որոշել դարմանամիջոցը.
Բնութաբուժութեան կողմէ օգտագործուած ախտամիջոցներն են՝
1. Ասեղնաբուժութիւն (acupuncture)
2. Խորհրդատուութիւն
3. Մարմնամարզանք
4. Խոտաբոյսեր
5. æրաբուժութիւն (hydrotherapy)
6. Սննդականոն
7. Մարմնա-ֆիզիքական բժշկութիւն:
դ. Չինական սովորական բժշկութիւն
Չինական բժշկութիւնը ունի 2000 տարուան հնութիւն: Անիկա հիմնուած է կեանքի ուժականութեան վրայ եւ կը հաւատայ, որ հիւանդութեան պատճառը այս ուժականութեան դերութիւնն է կամ անոր դերի գործածութիւնը:
Անոր ջատագովները կը հաւատան, որ այս ուժականութիւնը կը գործէ մարմինին մէջ գտնուող երկու հակադիր՝ YIN եւ YANG ուժերու հաւասարակշռութեամբ: YIN եւ YANG ուժերը կը դրսեւորեն իրենք զիրենք մարմինին մէջ, որպէս՝ տաքութիւն-պաղութիւն, ներքին-արտաքին եւ պակասաւոր-աւելորդ ուժեր:
ե. Ասեղնաբուժութիւն (acu-punctur)
Անիկա կը գործածուի Չինական սովորական դարմանամիջոցներուն մէջ: Գործնականօրէն ասեղնաբոյժը (acupuncturist) մարմնին որոշ բաժինները կը գրգռէ ասեղներ ներմուծելով մորթին մէջ: Յաճախ ասեղնաբոյժը աւելի զօրաւոր գրգռութիւն կը յառաջացնէ ելեկտրական հոսանքի գործածութեամբ: Ասեղնաբոյժներ կը հաւաստիացնեն, որ այս գրգռութիւնները կը բարելաւեն կեանքի ուժականութիւնը եւ կը պահեն YIN-ի եւ YANG-ի հաւասարակշռութիւնը:
Ասեղնաբուժումը ցաւ չի պատճառեր. սակայն ենթական թեթեւ թրթռացում մը կը զգայ ասեղի ներմուծման վայրը: Ան ցաւաբեկ է եւ կը կիրարկուի շատ մը հիւանդութիւններու պարագային, մասնաւորապէս՝ գլխացաւի, գլխապտոյտի եւ փսխունքի դէմ:
Ասեղնաբուժումը ոչ մէկ դերակատարութիւն ունի նիհարնալու եւ ծխախոտէ ձերբազատուելու գործընթացին մէջ:
Անիկա ընդունուած եւ ընթացիկ ասպարէզ մըն է:
Բ. Մարմնամտային դարմանամիջոց.
Այս մէկը հիմնուած է այն տրամաբանութեան վրայ, որ մտային եւ զգացական ազդակներ կ՛ազդեն մարդուն ֆիզիքական առողջութեան: Ան կը գործէ հոգեբանական, կենցաղային եւ ընկերային միջոցառումներով պահելու համար անհատին առողջութիւնը եւ արգելք հանդիսանալու հիւանդութեան կամ դարմանելու հի-ւանդութիւնը:
Մարմնամտային ընթացիկ դարմանամիջոցներ են.
1. Քնաբուժութիւն (hypnothe-rapy).
2. Ինքնամտախոհութիւն (meditation) եւ ինքնակեդրոնացում.
3. Հանդարտեցուցիչ եւ թուլացումի մարզանքներ եւ թեքնիքներ:
Այս դարմանամիջոցները կը կիրարկուին դարմանելու համար գլխացաւը, անքնութիւնը, միզարձակութիւնը (incontinance) եւ շատ սիրտի հիւանդութիւններ:
Գ. Կենսաբանական դարմանամիջոց.
Անիկա հիմնուած է բնականօրէն գոյութիւն ունեցող կենսաբանական նիւթերու, սննդականոնի, խոտաբուսակերութեան, գերկենսանիւթերու (megavitamins), մետաղներու եւ բնասպիտի (protein) գործածութեան վրայ:
Կենսաբանական դարմանամիջոցը կը կիրարկուի դարմանելու համար շատ մը հիւանդութիւններ:
Դ. Ձեռամարզային եւ մարմնամարզային դարմանամիջոցներ.
ա. Մարձումային-մարսամային բժշկութիւն (chiropractice): Անիկա հիմնուած է յատկապէս ողնահարի ձեռարկութեան (manipulation) վրայ: Անիկա կը գործածուի դարմանելու համար կռնակի ցաւը եւ գլխացաւը:
Այս դարմանամիջոցի ջատագովները կը հաւատան երկու սկզբունքներու՝
1. Ողնահարի կազմութիւնը եւ ջղային դրութեան աշխատանքը անմիջականօրէն կ՛առնչուին իրարու.
2. Այս դարմանամիջոցը հիմնական դերակատարութիւն ունի պահելու համար կամ վերահաստատելու համար առողջութիւնը:
բ. Մարմինի ձեւաւորման եւ կեցուածքի մարզանք (postural reeducation).
Այս դարմանամիջոցը կը յառաջացնէ ցաւի նուազում, լաւ ըլլալու զգացում եւ հանգստութիւն:
գ. Հակադարձաբուժութիւն (reflexology).
Անիկա հիմնուած է ոտքին վրայ ճնշում բանեցնելու սկզբունքին վրայ:
Ե. Ուժաբուժութիւն (energy therapy).
Անկա կը կիրարկուի Ճափոնի մէջ: Ուժաբուժութիւնը հիմնուած է երկու տրամաբանութիւններու վրայ՝
1. Մարմինի որոշ վայրերուն մէջ գոյութիւն ունին ուժականութեան կեդրոններ.
2. Մարդուն մէջ կամ անոր շուրջը գոյութիւն ունի համայնական կեանքի ուժ մը:
Ուժաբուժութիւնը կ՛օգտագործէ մակնիսական ուժը:
Անիկա կը կիրարկուի մասնաւորապէս ցաւի դէմ մակնիսներու գործածութեամբ:
Կարգ մը ուժաբոյժներ իրենց անհատական ուժականութիւնը կ՛օգտագործեն դարմանելու համար որոշ հիւանդներ: Անոնք հիւանդին դպնալով կը մղեն իրենց ուժականութիւնը հիւանդին մարմինէն ներս:
Վերոյիշեալ ոչ-դասական բոլոր դարմանամիջոցներէն անկախ վերջին տասնամեակներուն զանազան երկիրներու մէջ աղօթքը որպէս հաւատքի աղբիւր զօրաւոր դարմանամիջոց նկատուած է: Տեսնուած է որ աղօթքի հետեւողներուն թիւը մեծ աճ կ՛արձանագրէ շատ մը երկիրներու մէջ: