ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Կիրակի, Սեպտեմբեր 23ի երեկոյեան, ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» կայանէն սփռուող «60 Վայրկեան» յայտագիրին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Միթ Ռամնի, «արդար» համարեց այն իրողութիւնը, որ իր ներդրումներէն գոյացած 20 միլիոն տոլարի եկամուտին վրայ, ան անցեալ տարի 14.1 տոկոսի տուրք վճարած է, հակառակ անոր, որ 50,000 տոլար եկամուտ ունեցող քաղաքացի մը նոյն համեմատութեամբ տուրք կը վճարէ:
Ըստ ամերիկեան օրէնքներուն՝ աշխատաւոր մը կրնայ մինչեւ 35 տոկոս տուրք վճարել իր աշխատավարձին վրայ:
Նաեւ, հակառակ նախկին նախագահական ընտրութեանց թեկնածուներուն կողմէ հաստատուած աւանդութեան, Ռամնի կը մերժէ հրապարակել իր եկամուտի ամբողջական տուեալները՝ բաւարարուելով միայն վերջին երկու տարիներու տուեալներու հրապարակումով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.