![0925genocidecommittee[1]](https://asbarez.com/App/Asbarez/arm/2012/09/0925genocidecommittee1-300x163.jpg)
ԵՐԵՒԱՆ.- Ինչպէս տեղեկագրած էինք, Հինգշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2012ին Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնած էր Հայաստան՝ իր մասնակցութիւնը բերելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի երկրորդ նիստին:
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցան Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Ապա անոնք միասնաբար մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի ժողովին: Յայտնենք, որ նիստէն առաջ երկու վեհափառ հայրապետները Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին ներկայութեան առանձին հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հետ: Յիշեալ հանդիպման ընթացքին լայն անդրադարձ եղաւ Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:
Հայոց ցեղասպանութեան 100ամ-եայ տարելիցի թուականը՝ 2015ը, պիտի չըլլայ բացառիկ իրադարձութեան տարի: Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնախումբի քարտուղար Հայկ Դեմոյեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ յանձնախումբի հիմնական հարցադրումներէն մէկն է, թէ ի՞նչ ձեւով պիտի շարունակեն Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հանրահռչակման հոլովոյթը. արդեօ՞ք պիտի սահմանափակուին գրահրատարակչութեամբ կամ դասախօսութիւններ կազմակերպելով:
«Թրքական կողմը, ի վերջոյ, կ՛ուզէ, որ 2015 թուականին ցունամին գայ, ու իրենք հանգստանան: Առաջին ուղերձը իրենց պէտք է ուղղենք, որ 2015ով ոչինչ կը վերջանայ: Երբեք պէտք չէ տրամադրուինք, որ 2015 թուականին, եթէ որոշ լուրջ արդիւնքներու չհասնինք, ապա պէտք է հիասթափուինք», նշեց Դեմոյեան: Ըստ անոր, 2015 թուականով ոչ մէկ բան կ՛աւարտի, հակառակը՝ ամէն ինչ նոր կը սկսի:
Ան կարեւոր նկատեց տարբեր երկիրներու ուսումնական դասագիրքերուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստի մասին գոնէ երկու-երեք պարբերութեան սահմաններուն մէջ տեղեկութեան տեղադրումը: Ան փոխանցեց, որ գոյութիւն ունին միայն երկու-երեք դէպքեր, երբ ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հպանցիկ կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ինչ որ ռազմավարական առումով անկիւնաքարային մօտեցում պէտք է ըլլայ:
Յանձնախումբի նիստին ներկայացուած է քարտուղարութեան հաշուետուութիւնը, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ կարգի աշխատանք կատարուած է, ո՛ր երկիրներուն մէջ արդէն կը գործեն տեղական յանձնախումբեր: Դեմոյեանի համաձայն, արդէն իսկ կան շահաւէտ համագործակցութեան դրական արդիւնքներ: Իբրեւ օրինակ Դեմոյեան նշեց Լիբանանի կեդրոնական յանձնախումբը, որ այս տարի արդէն կրցած է կազմակերպել երկու մեծ նախաձեռնութիւն՝ կապուած Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին հետ:
Սուրիոյ դէպքերուն պատճառով վերջերս վնասուած Մարկատէի մատրան վերանորոգումը յանձն առած է 100ամեակի կեդրոնական յանձնախումբը:
Յանձնախումբի նոր անդամներ նշանակուած են ՀՄԸՄի, ՀՄՄի եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸի Կեդրոնական վարչութիւններուն ատենապետները եւ «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան: