Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Դասական (traditional, conventional) բժշկութենէ եւ դասական բժշկական դարմանամիջոցներէ դուրս կան նաեւ տարբեր-տարբեր մօտեցումներ եւ դարմանական միջոցառումներ, որոնք գոյութիւն ունեցած են դարեր շարունակ, աշխարհի չորս ծագերուն: Անոնք գոյութիւն ունեցած են անցեալին եւ գոյութիւն ունին նաեւ այսօր:
Ոչ դասական բժշկութիւնը (nontraditional, nonconventional) ունի երկու խմբաւորում.
Ա. «Փոխընտրական բժշկութիւն» (alternative medicine), որ կը գործադրուի առանձնաբար, այսինքն դասական բժշկութեան դարմանամիջոցներէն անկախ եւ առանձին:
Բ. «Լրացուցիչ բժշկութիւն» (complementary medicine), որ կը գործադրուի դասական բժշկութեան դարմանամիջոցներուն հետ միատեղ:
Ոչ դասական բժշկութիւնը ընդհանրապէս հիմնուած է ժողովուրդներու կենցաղին, սովորութիւններուն եւ հաւատքին վրայ: Անիկա փոխանցուած է սերունդէ սերունդ, որպէս առասպել եւ պատմական ու մշակութային արժէք:
Դասական բժշկութիւնը ունի հետեւեալ յստակ հասկացողութիւնները ոչ-դասական բժշկութեան մասին.
Ա. Ոչ-դասական բժշկութիւնը գիտական հիմք չունի.
Բ. Անիկա դասական բժշկութեան հիմնաւորեալ սկզբունքներէն դուրս կը նկատուի.
Գ. Անիկա կրնայ յառաջացնել վատ կենսաբանական (biological) կամ հոգեբանական կողմնակի ազդեցութիւններ:
Ոչ-դասական բժկութիւնը ընդհանրապէս դասական բժշկական դպրոցներուն մէջ չի դասաւանդուիր: Սակայն կարգ մը լրացուցիչ դարմանամիջոցներ կը գործադրուին որոշ դասական բժշ-կական կեդրոններու եւ հիւանդանոցներու մէջ: Կարգ մը ապահովագրական ընկերութիւններ ընդունած են զանոնք:
Շատ մը յառաջացած երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Ամերիկա, Գանատա եւ Եւրոպական կարգ մը երկիրներ, վերջին տարիներուն ժողովուրդին 25-30 առ հարիւրը կը հետեւի այս դարմանամիջոցներուն:
Դասական բժշկութիւնը հիմնուած է հետեւեալ երեք սկզ-բունքներուն վրայ.
Ա. Առողջութիւն կը նշանակէ հիւանդութեան բացակայութիւն, այլ խօսքով՝ մարմնական, հոգեբանական, հոգեկան եւ մտային ամբողջական առողջութիւն.
Բ. Հիւանդութիւններ կը յառաջանան յստակ ախտապատճառներով.
Գ. Հիւանդութեան մը դարմանումը կը պահանջէ՝ դեղերու գործածութիւն, շողարձակումի զանազան միջոցառումներ եւ վիրաբուժական գործողութիւն:
Ոչ-դասական բժշկութիւնը հիմնուած է հետեւեալ սկզբունքներուն վրայ.
Ա. Առողջութիւնը մարմինի ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեկան համակարգերու հաւասարակշռութիւնն է: Անիկա կ՛ընդ-գրկէ ամբողջ մարդը.
Բ. Առողջութիւնը կը խանգարուի եւ հիւանդութիւն մը կը յառաջանայ վերոնշեալ համակարգերուն անհաւասարակշռութեամբ.
Գ. Հիւանդութեան դարմանումը կը կեդրոնանայ մարմնին դիմադրողականութիւնը զօրացնելու, որպէսզի.
ա. Մարմինը կարենայ դիմանալ եւ հակադարձել բոլոր արտաքին ազդակներուն.
բ. Մարմինը ունենայ ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեկան հաւասարակշռութիւն.
գ. Մարմինին մէջ զարգանայ կեանքի ուժականութիւն (energy):
Փոխընտրական եւ լրացուցիչ բժշկութեան դարմանամիջոցները դասական բժշկութեամբ ընդհանրապէս չեն բացատրուիր:
Դասական բժշկութիւնը փոխընտրական եւ լրացուցիչ բոլոր դարմանամիջոցները ապահով չէ նկատած եւ անիկա կը հաւատայ, որ անոնք կրնան վնասել հիւանդին:
Իսկ Փոխընտրական-լրացուցիչ դարմանամիջոցներու ջատագովները կ՛ըսեն, թէ իրենց միջոցառումները ապահով են:
Փոխընտրական եւ լրացուցիչ դարմանամիջոցներուն կը դիմեն ընդհանրապէս.
Ա. Անհատներ եւ մասնաւորապէս տարեցներ, որոնք յատկապէս կը տառապին մասնայատուկ ախտանշաններէ եւ հիւանդութիւններէ, օրինակ՝ կռնակի ցաւ, ճնշուածութիւն, անգար (migrain), դաշտանադադարի (menopause) խանգարումներ, քաղցկեղ, յօդացաւ.
Բ. Հիւանդներ, որոնք բաւարար օգուտ չեն գտներ դասական բժշկական դարմանամիջոցներէն:
Փոխընտրական եւ լրացուցիչ դարմանամիջոցները կը կիրարկուին ամէն տեղ: Այն անհատները, որոնք այս դարմանամիջոցներուն ենթարկուած են երկու հակասական կարծիքներով կ՛արտայայտուին անոնց մասին.
Ա. Փոխընտրական եւ լրացուցիչ դարմանամիջոցները օգտակար են.
Բ. Անոնք օգուտ չունին եւ կը վնասեն առողջութեան:
Դասական բժշկութեան եւ ոչ-դասական բժշկութեան հակադիր կեցուածքները ինչպէս նաեւ անհատական կարծիքները արգելք չեն եղած շատ մը գիտական հետախուզական կեդրոններու անձնակազմերուն, որպէսզի ուսում- նասիրեն ոչ-դասական բժշկութեան սկզբունքները եւ անոր օգտակարութիւնները, ինչպէս նաեւ հիւանդութիւններու բուժումի հիմնաւորումը: Այս ուղղութեամբ հսկայական աշխատանք կը տարուի զանազան երկիրներու բժշկական եւ առողջապահական կեդրոններու մէջ:
Փոխընտրական եւ լրացուցիչ բժշկութեան դարմանամիջոցներուն պիտի անդրադառնանք առանձնաբար: