
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ Հալէպի հայաշատ, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական թաղամասերուն մօտակայքը բախումները կը շարունակուին։
«Երկու կողմերը կը փորձեն իրենց հսկողութեան տակ առնել Հալէպի թաղամասերը, սակայն, ընդհանուր առմամբ, հայաշատ եւ քրիստոնէական թաղամասերը սուրիական բանակի հսկողութեան տակ են», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ նիւթական բաւական մեծ վնասներ կան, յատկապէս խանութներ, յարկաբաժիններ եւ վաճառատուներ գրեթէ քարուքանդ եղած են։ Ռէյիսեան աւելցուցած է, որ Նոր Գիւղէն աւելի ապահով շրջաններ փոխադրուած բնակիչները տակաւին իրենց տուները չեն վերադարձած։
Ռէյիսեան յայտնած է, որ ազգային իշխանութիւնները Սուրիոյ կրթութեան նախարարութեան հետ համաձայնած է հայկական դպրոցներու վերամուտը մէկ շաբաթով յետաձգել՝ յոյս ունենալով, որ իրավիճակը կը բարելաւուի:
«Հալէպի Սիւլէյմանիյէ լրատուական ցանց» դիմատետրեան էջը տեղեկութիւններ փոխանցած է այն մասին, որ պայթումներ տեղի ունեցած են Մայսալուն, Պուսթան փաշա, Սիւլէյման Հալապի, Սիւլէյմանիյէ թաղամասերուն մօտակայքը:
Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին Ռէյիսեան յայտնած է, որ մայրաքաղաքին մէջ կացութիւնը յարաբերաբար աւելի լաւ է, բախումներ տեղի կ՛ունենան ծայրամասերը, յատկապէս Հաճր Ասուատի շրջանին մէջ, ուր զինեալ խմբաւորումներ կեդրոնացած են։