ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ստեփանակերտի մէջ կառուցուած օդակայանի բացման փորձերը մեծ հարուած պիտի հասցնեն Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթացին. այս մասին Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19ին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլաեւ, պատասխանելով Սեպտեմբերի վերջերուն օդակայանը բանալու մասին հայկական լրատուական գործակալութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն շուրջ լրագրողներու կատարած հարցումներուն:
Ապտուլլաեւ աւելցուցած է, թէ Հայաստանի կողմէ որդեգրուած նման քայլեր ցոյց կու տան, որ անիկա հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու փափաք չունի:
Ապտուլլաեւ նաեւ յոյս յայտնած է, որ միջազգային համայնքը խստօրէն կը դատապարտէ օդակայանը բանալու փորձերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.