ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հայաստանի յաջորդ նախագահական ընտրութեան օրէնքով մնացած են միայն ամիսներ։
Դեռ պաշտօնապէս չէ սկսած ընտրապայքարը, որքան ալ օրէ օր, իրողապէ՛ս, աւելի ու աւելի զգալի կը դառնայ 2013ի նախագահական ընտրութեան եռեւեփումը։
Իսկ մեր երկրի քաղաքական առօրեային հետեւողը կը ստանայ այն տպաւորութիւնը, որ Հայաստան այսօր կը գտնուի ոչ թէ նոր իշխանութիւն մը ընտրելու սեմին, այլ նոր ընտրուած նախագահի մը պաշտօնավարութեան սկզբնաւորման փուլին։
Պէտք չէ զարմանալ, որ այդպէ՛ս է իրավիճակը եւ չի ալ կրնար տարբեր ըլլալ, որովհետեւ մեր երկրին մէջ ձեւաւորուած ու արմատաւորուած կառավարման նախագահական համակարգը այդպիսի՛ն է։
Այսինքն՝ նախագահական իշխանութեան հայաստանեան բնորդը չի հետեւիր իշխանութեան տարբեր թեւերուն միջեւ փոխադարձ հակակշիռներու հաւասարակշռութեան օրէնքին, այլեւ ընդհակառակն՝ կը գործէ «յաղթականը կը շահի ամէն ին»չ տրամաբանութեամբ։
Հետեւաբար, մեր երկրի կառավարման համակարգը նորընտիր նախագահի մը կը յանձնէ ամէն իշխանութիւն եւ պատասխանատուութիւն, նոյնիսկ նախագահ վերընտրուելու համար պետական եւ հանրային ղեկավարման բոլոր լծակներէն լիովին՝ բա՜ց հաշուով օգտուելու առանձնաշնորհումը։
Փա՜ռք Աստուծոյ, որ Սահմանադրութեամբ միայն երկու յաջորդական պաշտօնավարութեան շրջանի սահմանափակումը հաստատուած է ՀՀ նախագահութիւնը ստանձնելու քաղաքացիի մը իրաւունքին եւ յաւակնութեան վրայ։
Ճիշդ այդպէս՝ նախագահական պաշտօնավարութեան շրջանի նման սահմանափակման համար Աստուծոյ փա՜ռք տալու հիմնաւոր պատճառներ եւ առիթներ շատ ունինք…
Մոռնա՞նք, որ տակաւին քանի մը ամիս առաջ, Մայիս 2012ին, բոլորս ակամայ վկաները դարձանք այն փաստին, թէ ինչպէ՛ս հնարաւոր է, նախագահական իշխանութեան ամենազօր ու անհակակշռելի դիրքերէն, մաքուր եւ թափանցիկ ընտրապայքարով ու քուէարկութիւններով կանխել եւ խափանել ազատ ու արդար ընտրութեանց կայացումը։
Կամ՝ այնքան ալ չմտահոգուի՞նք, որ Հայաստանի ներ–քաղաքական բեմը լիովին յարդարուած է գործող նախագահին վերընտրութեան համար. լուրջի չառնե՞նք, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ջախջախիչ յաղթանակ տարած ՀՀ նախագահը, փաստօրէն, «յաղթականը կը շահի ամէն ին»չ տրամաբանութեամբ, յաջողած է ձեւով միակուսակցական եւ խորքով միանձնեայ մենակալութիւն հաստատել՝ միաժամանակ իրարմէ բաժնելով, մեկուսացնելով եւ բարոյալքումի մատնելով իր մրցակիցներն ու ընդդիմադիրները։
Եւ ո՞վ կրնայ անխռով նստիլ ու ըմբոշխնել այսպիսի «լաւ յարդարումով» ու «յաջող խաղարկութեամբ» հրամցուող նախագահական նոր ընտրութեան մը քաղաքական բեմականացումը, երբ իր աչքերով կը տեսնէ ու սեփական մորթին վրայ կը զգայ ծանր հետեւանքները իշխող համակարգին ձախաւերութիւններուն։
Թուենք Սաֆարովի Գործարքը կանխելու դիւանագիտական ապիկարութի՞ւնը, թէ՞ Արցախի անկախութեան միջազգային ու իրաւական ճանաչման ճակատին վրայ նախաձեռնարկի առաւելութիւնը Պաքուին զիջելու յուլութիւնը (ծուլութիւնը-Խմբ.)…
Մատնանշենք կաշառքի եւ խաթարուածութեան քաղցկեղին խորացումն ու տարածումը ահազանգող նորանոր ախտանշաննե՞րը, թէ՞ մրցակցային շուկայի բացակայութեան պայմաններուն մէջ ստուերային տնտեսութեան մենաշնորհեալներուն կատարած շահատակութեանց նոր թափը։
Եթէ տակաւին կան բարեմիտներ, չըսելու համար պարզամիտներ, որոնք միայն չարախօսութեան եւ հրապարակագրական բամբասանքի կը վերագրեն տիրող իրավիճակին դէմ հնչող այսիմաստ ահազանգները, յատկապէս անոնց ուշադրութիւնը կ՛արժէ հրաւիրել Հանրային հեռուստատեսութեան եթերով հաղորդուած ու աշխարհով մէկ հեռարձակուած երկու պատկեր։
Մէկը Առաջին ալիքի գլխաւոր լրատուութեան աւարտին, ամէնօրեայ քաղաքական մեկնաբանութեան ծրագրով, ներկայացուած վերլուծումն ու արժեւորումն է վերջերս կայացած տեղական ինքնակառավարման իշխանութեան ընտրութիւններուն։ Հանրայինի մնայուն մեկնաբանը ընդվզում կը յայտնէր, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները պայքար չմղեցին իշխանութեան թեկնածուներուն դէմ, որոնք առանց մրցակիցի ընտրուած ըլլալով՝ այսուհետեւ ճնշումի տակ պիտի չըլլան եղեր նախընտրական իրենց խոստումները անպայման յարգելու։
Կարծէք նախագահական իշխանութեան օրհնութեամբ տեղական ինքնակառավարման դիրքերու հասած պաշտօնատարներուն հոգն է, որ մրցակից չեն ունեցած, կամ կարծէք անցեալին՝ մրցակիցներու առկայութեան պարագային, «վերեւներէն» հովանաւորուած այդ պաշտօնատարները պարտաւոր զգացած են յարգելու ժողովուրդին տրուած իրենց խոստումները։
Միւս պատկերը, դարձեալ Հանրայինի եթերով հեռարձակուած, տեսալսողական արձանագրութիւնն է նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ու կառավարութեան (վարչապետին եւ նախարարներուն) միջեւ վերջերս կայացած նիստին։ Պաշտօնավարութեան իր շրջանի աւարտին մօտեցած գործող նախագահը իր նշանակած վարչապետին ու նախարարներուն հրապարակաւ կը սաստէր իրենց դանդաղաշարժութեան, արդիւնաւէտութեան պակասին եւ ընդհանրապէս թերացումներուն համար։ Իսկ վարչապետն ու նախարարները, յանցանքի վրայ բռնուած անճրկած աշակերտներու նման, կը խոստանային սրբագրել իրենց ընթացքը…
Ինչպէ՞ս ընկալել թէ՛ տեղական ինքնակառավարման իշխանութեանց ընտրութիւններուն այդպէս՝ առանց ընդդիմադիր ուժերու մասնակցութեան եւ մրցակցութեան կայացումին դատապարտումը Հանրային հեռուստատեսութեան մեկնաբանին կողմէ, թէ՛ մեր երկրի կառավարման գործին մէջ վարչապետին ու նախարարներուն պատասխանատուութեան ուղղուած այսպիսի՝ հրապարակային յանդիմանութիւնները ՀՀ նախագահին կողմէ։
Թէ՛ առաջինը եւ թէ երկրորդը ըստ էութեան ողջունելի են եւ ըստ ամենայնի պիտի ընկալուէին իբրեւ ողջունելի քայլեր, եթէ մտահան ընենք այն դաժան իրողութիւնը, որ թէ՛ մեղադրեալը, թէ՛ մեղադրողը եւ թէ դատաւորը փաստօրէն մէկ են եւ միեւնոյնը։
Ի վերջոյ գործող նախագահը անձա՛մբ մեղադրանքի խօսքեր կ՛ուղղէ եւ դատավճիռ կ՛արձակէ մեղադրեալներու հասցէին, որոնք պաշտօնի վրայ կը գտնուին իր իսկ նշանակումով եւ հովանաւորութեամբ։
Տարբեր չէ պարագան Հանրային հեռուստատեսութեան մնայուն մեկնաբանին կողմէ հնչած մեղադրանքներուն՝ տեղական ինքնակառավարման իշխանութեանց ընտրութիւններուն ստացած միակուսակցական ընթացքին եւ ձախաւերութեան մասին։
Առաջին ալիքի մնայուն մեկնաբանը պարզապէս «իր տիրոջ ձայն»ը կը ներկայացնէ եւ նման մեղադրանքով, վերջին հաշուով, կը դատապարտէ նոյնինքն գործող նախագահին կողմէ ընտրուած իշխանութեան բոլոր լծակները սեփական ձեռքերուն մէջ կեդրոնացնելու վարքագիծը։
Գալիք ամիսները յղի են կառավարման նախագահական համակարգի մեր ունեցած բնորդին էութենէն բխող հակասութիւններով։
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ