
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ սպային կացինահարած ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման եւ Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ անոր ներում շնորհելու հարցին քննարկումները Եւրոխորհրդարանին մէջ աւարտեցան Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13ին՝ վաւերացնելով համապատասխան բանաձեւ:
Եւրոխորհրդարանի հինգ հիմնական քաղաքական ուժերուն՝ պահպանողականներուն, ընկերվարականներուն, կանաչներուն, ազատականներուն եւ ժողովրդավարներու Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութիւնները պատրաստած էին բանաձեւերու նախագիծեր, որոնց-մէ իւրաքանչիւրին մէջ կը դատապարտուէր Սաֆարովին ներում շնորհելու որոշումը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանին ու Հայաստանին կոչեր ու առաջարկներ կը կատարուէին՝ իրավիճակը չսրելու մասին:
Վաւերացուած տարբերակին մէջ, Եւրոխորհրդարանը կը դատապարտէ Սաֆարովին ներում շնորհելու Ատրպէյճանի նախագահին որոշումը՝ այդ քայլը գնահատելով իբրեւ հայ-ատրպէյճանական լարուածութեան նպաստող արարք: Եւրոպացի պատգամաւորները նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնեն, թէ այս քայլը կրնայ ապագայ սերունդներուն համար իբրեւ վատ օրինակ ծառայել:
Եւրոխորհրդարանը նաեւ կը յիշեցնէ, թէ եւրոպական կառոյցներուն միանալու համաձայնագիրը, որուն ստորագրութեան շուրջ բանակցութիւններու մէջ է Ատրպէյճան, կ՛ընդգրկէ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խթանման դրոյթներ ու չափորոշիչներ, որոնց պէտք է հետեւիլ:
«Կոչ կ՛ընենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ջանքեր գործադրելու՝ բարեփոխելու համար դատական ամբողջ համակարգը, եւ ենթարկուելու Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի բոլոր վճիռներուն», կը նշուի բանաձեւին մէջ:
Պատգամաւորները նաեւ կը յանձնարարեն Եւրոխորհրդարանի նախագահին, որ այս բանաձեւը փոխանցէ Եւրոխորհուրդին, Եւրոյանձնաժողովին, Եւրոպական արտաքին յարաբերութիւններու սպասարկութեան, Ատրպէյճանի եւ Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններու կառավարութիւններուն եւ խորհրդարաններուն: