ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ-ատրպէյճանական հանդիպման գիծին վրայ 12 Սեպտեմբերին ԵԱՀԿի ներկայացուցիչները պիտի կատարեն հերթական դիտարկումը։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան պետ Մարսել Պետրոսեանի համաձայն՝ դիտարկումը տեղի պիտի ունենայ Օմարի լեռնանցքի շրջակայքին մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ նախօրօք ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.