ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ.- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները պիտի այցելեն Հարաւային Կովկասի տարածաշրջան: Այս մասին SalamNews-ին յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Էլման Ապտուլլաեւը:
Անոր համաձայն, այցելութեան յստակ ամսաթիւը յայտնի չէ, սակայն անիկա պիտի յաջորդէ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿի Գլխաւոր վեհաժողովի 67րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս (նիստի բացումը՝ Սեպտեմբերի 18ին) համանախագահների եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպման ընթացքին:
Ըստ Ապտուլլաեւի, Նիւ Եորքի մէջ նման հանդիպում կայացնելու առնչութեամբ համաձայնութիւն գոյացած է Փարիզի մէջ, 3 Սեպտեմբերին։ Յիշեցնենք, որ 2 Սեպտեմբերին, կրկին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած էր համանախագահներու հանդիպումը՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։