ՊՈՒՏԱՓԵՇՏ, «Ազատ Օր».- Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ Կիրակի, 2 Սեպտեմբերին, երկրի արդարադատութեան նախարարութեան դիմացը ցոյց տեղի ունեցած է: Հունգարական «hir24.hu» կայքի փոխանցմամբ, ցոյցին մասնակցած են քաղաքացիներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ:
Ցոյցին մասնակցած են նաեւ ընդդիմութեան առաջնորդներէն, երկրի նախկին վարչապետ Ֆերենց Գիւրչան, որու ղեկավարութեան տարիներուն, ի դէպ, տեղի ունեցած էր Գուրգէն Մարգարեանի սպանութիւնը եւ հունգարական դատարանի կողմէ ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի ցմահ դատապարտումը:
Ցոյցի մասնակիցները համերաշխութեան կոչեր հընչեցուցած են՝ ուղղուած հայ ժողովուրդին, իսկ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները արծարծած են գործող վարչապետ Վիկտոր Օրբանի հրաժարականի հարցը:
Ըստ հունգարական մէկ այլ՝ «168ora» պարբերականի մէջ հրապարակուած տեղեկութեան, Երեքշաբթի, 4 Սեպտեմբերին, Օրբանի կառավարութեան դէմ ցոյց պիտի կազմակերպուէր Պուտափեշտի կեդրոնական Կոսութ հրապարակին վրայ: