ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ուրբաթ, Օգոստոս 31 թուակիր նամակով մը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, որ խստօրէն դատապարտէ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակումը:
Հայ Դատը այս նամակով կը մատնանշէ, թէ Հունգարիոյ մէջ ՆԱԹՕի մէկ հաւաքի ընթացքին հայ զինուոր մը՝ Գուրգէն Մարգարեանը, կացինով սպաննելուն համար ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Սաֆարովի ազատ արձակումը, մեծ ուրախութեամբ դիմաւորուած է Պաքուի մէջ, եւ թէ Պաքու ժամանման օրն իսկ՝ Օգոստոս 31ին, նախագահ Իլհամ Ալիեւի մէկ հրամանագիրով ան ազատ արձակուած է, հակառակ այն իրողութեան, որ Պաքու «կը թուի, թէ խոստացած էր Հունգարիոյ իշխանութեանց, որ Սաֆարով պիտի շարունակէ բանտարկուած մնալ»:
Հայ Դատը նաեւ բողոքի նամակ մը յղած է Ուաշինկթնըի մօտ Հունգարիոյ դեսպանատան, միաժամանակ կոչ ընելով հայութեան, որ նմանապէս բողոքագիրներ յղէ Հունգարիոյ դեսպանատան եւ կոչ ընէ Օպամային, որ դատապարտէ այս անմարդկային արարքը:
Հունգարիոյ դեսպանատան հեռաձայնի թիւն է՝ (202) 362-6730, իսկ համացանցային հասցէն՝ Ambassador.was@mfa.gov.hu:
Բողոքագիրները ամբողջութեամբ կարդալու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել մեր անգլերէն կայքը՝
www.asbarez.com կամ Հայ Դատի կայքը՝ www.anca.org: