
Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բ.
Քաղցկեղի ախտանշանները ընդհանարապէս ի յայտ կու գան շատ ուշ:
Տեղայնական քաղցկեղի պարագային բացայայտ ախտանշաններն են.
Ա. Շօշափելի ուռի մը գոյութիւնը, որ կրնայ ըլլալ՝
ա. Շարժուն կամ անշարժ.
բ. Կակուղ կամ քարացած.
գ. Պզտիկ կամ խոշոր:
Բ. Խոց (ulcer):
Գ. Արիւնահոսում:
Դ. Ցաւ որ կը պատահի շատ ուշ եւ մասնաւորապէս ոսկորներու տարածուած քաղցկեղի պարագային:
Տարածուած քաղցկեղի պարագային ախտանշաններն են.
Ա. Տեղայնական քաղցկեղի ախտանշանները.
Բ. Մօտակայ եւ հեռաւոր աւշագեղձերու յայտնաբերում.
Գ. Փայծաղի (spleen) եւ լեարդի ծաւալում.
Դ. Քաղցկեղային ուռերու յայտնաբերում հեռակայ վայրերու մէջ, մասնաւորաբար՝ ուղեղ, թոքեր, որոշ ոսկորներ, ոսկրածուծ, ողնածուծ եւ լեարդ:
Քաղցկեղի բոլոր տեսակներու հետեւանքով տեղի կ՛ունենան մարմնական զանազան ախտանշաններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են.
Ա. Կշիռքի կորուստ-նիհարնալ.
Բ. Ախորժակի նուազում-կորուստ.
Գ. Նողկանք.
Դ. Յոգնածութիւն.
Է. Գիշերային քրտինք.
Զ. Անարիւնութիւն (anemia),
Է. Մարմնական ընդհանուր ցաւ.
Ը. Ընկճուածութիւն եւ մտահոգութիւն:
Վերոյիշեալ ախտանշաններուն հետ կը պատահին նաեւ զանազան այլ ախտանշաններ, որոնք իւրայատուկ են իւրաքանչիւր օրկանի քաղցկեղին հետ:
Քաղցկեղի հիմնական ախտապատճառը ընդհանրապէս կարելի չէ գիտնալ ախտաճանաչումի սկզբնաւորութեան:
Քաղցգեղագէտներ համաճարագիտական (epidemiologic) ուսումնասիրութիւններու ընդմէջէն գտած են շատ մը քաղցկեղներու ախտապատճառները: Անոնց ուսումնասիրութիւններուն համաձայն քաղցկեղի ախտապատճառներէն իւրաքանչիւրը առնչուած է որոշ օրկաններու քաղցկեղի ախտահարման հետ, օրինակ՝
1. Ծխախոտը՝ թոքերու, շնչափողի, խռչափողի, որկորի (esophagus), ըմբանի (pharynx), լեզուի, շրթունքի, բերանի, յետստամոքսային գեղձի (pancrease), արգանդավիզի (cervix) եւ միզապարկի (urinary bladder) քաղցկեղներուն հետ.
Ծխախոտ ծխող մը 14 անգամ աւելի հաւանականութիւնը ունի թոքի քաղցկեղ ունենալու քան չծխող մը.
2. Կենդանական ճարպի չափազանց գործածութիւնը՝ հաստ աղիքի, վերջնաղիքի (rectum), շագանակագեղձի (prostate gland), թոքի, կրծքագեղձի (breast) քաղցկեղներուն հետ.
3. Ալքոլի չափազանց գործածութիւնը՝ բերանի, որկորի, ըմբանի եւ խռչափողի քաղցկեղներուն հետ ինչպէս նաեւ կիներու կրծքագեղձի քաղցկեղին հետ.
4. «Ք» ճառագայթներու շողարձակումի ենթակայութիւնը՝ սպիտակարիւնութեան աւշանօթային (lymph node) քաղցկեղի եւ մորթային քաղձկեղներուն հետ.
5. Արեւու անդրմանիշակագոյն ճառագայթները՝ մորթային քաղցկեղի եւ սեւայտուցի (melanoma) հետ.
6. Ադոմական ուժանիւթի շողարձակումը՝ մարմինի զանազան տեսակի քաղցկեղներուն հետ, առաւելաբար՝ ոսկրածուծի եւ վահանագեղձի (thyroid gland) քաղցկեղներուն հետ.
8. Միջատասպան նիւթեր՝ աւշագեղձերու քաղցկեղի եւ սպիտակարիւնութեան հետ.
9. Նիքել՝ թոքերու եւ քիթի խոռոչներու քաղցկեղներուն հետ.
10. Պենզին՝ սպիտակարիւնութեան եւ Hodgkin՛s-ի հիւանդութեան հետ.
11. Կտաւաքար՝ թոքերու եւ ստամոքսա-աղիքային քաղցկեղներուն հետ.
12. Զառիկ՝ թոքերու եւ մորթի քաղցկեղին հետ.
13. Որոշ ցպիկներ՝ աւշագեղձերու քաղցկեղին հետ.
14. Որոշ ժահրեր՝ հեշտոցի (vagina), լեարդի եւ աւշագեղձերու քաղցկեղներուն հետ.
15. Որոշ որդեր եւ մակաբոյծեր՝ միզապարկի քաղցկեղին հետ.
16. Որոշ ներազդակներ՝ կրծքագեղձի, արգանդի (uterus), շագանակագեղձի, ամորձիներու (testes) եւ վահանագեղձի քաղցկեղներուն հետ.
17. Կովու, ոչխարի եւ խոզի սեւ միս՝ հաստ աղիքի, սրբանի, կրծքագեղձի, շագանակագեղձի եւ երիկամի քաղցկեղներուն հետ.
18. Ալքոլ՝ բերանի, կոկորդի, խռչախփողի, որկորի, լեարդի, հաստ աղիքի, սրբանի, կրծքագեղձի եւ թոքի քաղցկեղներուն հետ.
19. Մազի գունաւորման ներկեր միզապարկի քաղցկեղի հետ:
Քաղցկեղի ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ գործընթացով.
Ա. Լսել հիւանդը եւ անոր հիւանդութեան պատմականը.
Բ. Կատարել բժշկական մանրակրկիտ քննութիւն.
Գ. Վերցնել ուռէն պզտիկ կտորիկ մը ախտաբանական քննութեան համար, մասնաւորաբար՝ ունենալու համար բջիջներու ծինային անբնական երեւոյթները: Այս մէկը խիստ կարեւոր է, որովհետեւ անոր արդիւնքին վրայ հիմնուելով կ՛որոշուի դարմանումի եղանակը:
Դ. Կատարել զանազան «Ք» ճառագայթային (X-ray), մաքնիսարձակային (MRI), եւ համակարգչային նկարահանումներ (CT Scan).
Ե. Կատարել զանազան տեսակի արեան քննութիւններ.
Զ. Կատարել աւշագեղձերու ախտաբանական քննութիւն:
Հոս տեղին է յիշել, որ իւրաքանչիւր օրկանի քաղցկեղին համաձայն կը կիրարկուին ախտաճանաչումի յատուկ քննութիւններ:
Քաղցկեղի դարմանումը հիմնուած է անոր աստիճանաւորումին եւ դասակարգումին վրայ: Ընդհանրապէս քաղցկեղի դարմանումը կը կատարուի հետեւեալ դարմանամիջոցներով.
Ա. Վիրաբուժական վիրահատում
ա. Մասնակի կամ ամբողջական հատում.
բ. Ամբողջական վիրահատում ապահով սահմաններով:
Բ. Քիմիական քաղցկեղադարմանում (chemotherapy)
Քիմիկական դարմանամիջոցը կը սպաննէ քաղցկեղի բջիջները, սակայն ան կը սպաննէ նաեւ արագօրէն աճող եւ բազմացող առողջ բջիջներ կարգ մը օրկաններու մէջ, օրինակ՝ ոսկրածուծ (bone marrow) եւ ստամոքսա-աղիքային համակարգ: Ան վատ անդրադարձ կ՛ունենայ լեարդին, երիկամներուն, սիրտին եւ թոքերուն վրայ.
Գ. «Ք» ճառագայթներով դարմանում (X ray therapy)
«Ք» ճառագայթները կ՛այրեն նաեւ ուռին շուրջը գտնուող առողջ բջիջները եւ կը յառաջացնեն որոշակի սպիներ:
«Ք» ճառագայթային եւ քիմիական քաղցկեղադարմանումը կը վնասեն մարմինի ընդհանուր դիմադրողական համակարգին, որուն հետեւանքով կը յառաջանայ մարմնական զանազան յաճախակի բորբոքումներ եւ բարդութիւններ:
Դ. Դիմադրողականութիւն (immunity) զօրացնող դեղերու գործածութիւն:
Վերոյիշեալ դարմանամիջոցները կ՛օգտագործուին անջատաբար կամ հաւաքաբար:
Ե. Ժամանակաւոր ամոքիչ խնամքի մատուցում՝ նուազեցնելու համար հիւանդին տառապանքը, ցաւը եւ հոգեկան, զգացական հոգեբանական ու ընկերային ճնշուածութիւնը:
Քաղցկեղը համայն մարդկութեան մօտ ունի շատ վատ վարկ (reputation):
Ժողովուրդը ունի այն տպաւորութիւնը, որ ամէն անձ որ քաղցկեղէ ախտաճանաչուած է կը նկատուի մահկանացու եւ անյոյս հիւանդ մը: Սակայն իրականութիւնը այդ չէ: Սկզբնական կանուխ քաղցկեղի ախտաճանաչումով եւ շուտափոյթ ու ամբողջական դարմանումով անհատը կը ձեռբազատուի իր հիւանդութենէն եւ կ՛ապրի երկար տարիներ առանց որեւէ մէկ դժուարութեան եւ վատ հետեւանքներու: Յառաջացած եւ ուշ ախտաճանաչուած պարագաները ունին ապաքինման քիչ կարելիութիւն: Շատ յառաջացած եւ տարածուած քաղձկեղի պարագային՝ դարմանումի եւ ապաքինման ոչ մէկ նշոյլ կարելի է սպասել:
Կարելի՞ է կանխարգիլել քաղցկեղի զարգացումը: Այո՛, մասամբ մը:
Կարելի է կանխարգիլել քաղցկեղներու կարեւոր մէկ տոկոսը պարզապէս մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով միջավայրային եւ կենցաղային շատ մը ազդակներու, օրինակ՝
1. Բնաւ ծխախոտ չգործածել.
2. Հետեւիլ առողջ սննդականոնի.
3. Հեռու մնալ շատակերութենէ.
4. Սեւ միս շատ չուտել.
5. Ալքոլ քիչ գործածել.
6. Կենդանական ճարպ քիչ սպառել.
7. Հեռու մնալ քաղցկեղածին նիւթերէ, ապականած միջավայրերէ, քիմիական նիւթերէ եւ կազերէ.
8. Կատարել բժշկական հերթական քննութիւններ որոշ տարիքէ ետք կարգ մը քաղցկեղներու բացայայտումին համար, մասնաւորապէս՝ արգանդավիզի, հեշտոցի, հաստ աղիքի, շագանակագեղձի եւ կրծքագեղձի:
(Շար. 2 եւ վերջ)