
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 3 Սեպտեմբերին Հայաստանի քրէական վերաքննիչ դատարանին մէջ դատաւոր Հենրիկ Տէր Ադամեանի նախագահութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ դրամի լուացման տուեալներով յարուցուած գործով վկայ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի բողոքի քննութիւնը:
«Փաստինֆօ»ի համաձայն, 23 Օգոստոսին նշանակուած դատական նիստը տեղի չէ ունեցած՝ Վ. Օսկանեանի ներկայացուցիչ Տիգրան Աթանէսեանի բացակայութեան պատճառով:
Յիշեցնենք, որ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի նախագահ, Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան անդամ Վ. Օսկանեանի ներկայացուցիչը կը պահանջէ չեղեալ նկատել քրէական գործ յարուցելու քննիչին որոշումը, քանի որ, ըստ կողմի, քրէական գործի յարուցմամբ խախտած են անոր իրաւունքները: