Դամասկոսի Ազգային առաջնորդարանէն կը տեղեկացնեն, թէ Կիրակի, 12 Օգոստոսին Ս. Աստուածածնայ Վերափոխան տօնին առիթով առաջնորդական հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր թեմակալ առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան, իրեն ընթերակայ ունենալով Աբգար եւ Հայարի քահանայ հայրերը։
Աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք. հարիւրաւոր դամասկոսահայեր խաղողի օրհնուած ողկոյզներ տարին իրենց տուները։