ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ստեփանակերտի հանրապետական նոր հիւանդանոցը մինչեւ տարեվերջ պատրաստ պիտի ըլլայ գործելու: Շինարարութիւնն եւ կահաւորումը կատարած է «Տաշիր» բարեսիրական հիմնադրամը: 2011 թուականին սկսած շինարարական աշխատանքներուն համար հիմնադրամը յատկացուցած է 5.290 միլիոն դրամ:
Հինգ յարկանի շէնքին մէջ պիտի ըլլայ հիւանդանոցային բաժին, հիւանդներու ընդունելութեան սրահ, շտապ օգնութեան բաժանմունք, վիրահատութեան, արագ բուժման, տարրալուծարանային եւ այլ բաժանմունքներ, ինչպէս նաեւ «Վի.Այ.Փի.» բաժին: Հիւանդանոցի նոր շէնքը, որ կը գտնուի Բաղրամեան փողոցին վրայ, կը համապատասխանէ միջազգային բոլոր չափանիշներուն:
Յառաջիկային «Տաշիր» հիմնադրամը պիտի կայացնէ հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին պիտի հաստատուի պիւտճէն՝ յառաջիկայ ծրագիրներուն համար, որոնց մէջ եւս ներառուած է բժշկական հաստատութիւններու նորոգութիւնը։ Այս տեղեկութիւնները փոխանցած է Կարէն Կարապետեանի գրասենեակի ղեկավար Արտակ Ճաղարեանը:
Անոր համաձայն, գրեթէ իրենց աւարտին հասած են 8 Յունիսի հոգաբարձուներու նիստին վաւերացուած կարճաժամկէտ ծրագիրները, որոնց համար յատկացուած է 400-600 հազար տոլար:
Հիմնադրամը նաեւ պարգեւատրումներ կատարած է։ Մրցանակներ ստացած են «Տաշիր» բարեսիրական հիմնադրամի եւ «Պահանջում ենք գիտութեան ֆինանսաւորման աւելացում» ֆեյսպուքեան նախաձեռնութեան կողմէ յայտարարուած գիտական լրագրութեան եւ առաւելագոյն յղում ունեցող գիտնականներու մրցումներուն յաղթողները: Արդէն տեղի ունեցած են երկու մրցանակաբաշխութիւններ, պարգեւատրուած են գիտական նիւթով գրող 11 լրագրողներ:
Ա. Ճաղարեան տեղեկացուցած է, որ լրագրողներու մրցանակաբաշխութիւնը զուգորդուած է առաւելագոյն յղում ունեցող հայաստանցի 100 գիտնականներու մրցանակաբաշխութեան հետ եւ բոլոր մրցանակակիրներուն յանձնուած են նիւթական պարգեւներ:
Ապա 300 հարիւր հազարական դրամի դրամատնային քարտեր տրամադրուած են Հայաստանի այն վեց մանկատուներուն, որոնք այս տարի ունեցած են շրջանաւարտներ: Քարտ ստացող շրջանաւարտներուն թիւը 30 էր։
2 Սեպտեմբերին Վանաձորի մէջ տեղի պիտի ունենայ Լոռիի մարզէն Հայաստանի պետական համալսարաններուն մէջ ուսանող եւ գերազանց արդիւնքներ արձանագրածներուն պարգեւատրման արարողութիւնը: Ըստ Ա. Ճաղարեանի, ուսման բարձր յառաջադիմութեան համար 400 ուսանողներ պիտի պարգեւատրուին հիմնադրամին կողմէ: