Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, բարեսիրական «Փարոս» հիմնարկը որոշած է մինչեւ 2015՝ իրագործել 100 ծրագիրներ, որոնցմէ մէկն է՝ կօշիկներ հասցնել Հայաստանի կարօտեալ երեխաներուն:
Այս ծիրէն ներս, վերջին երեք ամիսներուն ընթացքին 25,000 նոր կօշիկներ բաժնուած են Հայաստանի 14 քաղաքներու եւ հարիւրէ աւելի գիւղերու մէջ գործող 11 որբանոցներու, 8 գիշերօթիկներու եւ 12 ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու կարօտեալ երեխաներուն:
«Կօշիկները կարելի եղած էր ապահովել՝ շնորհիւ առատաձեռն նուիրատուներու եւ կօշիկներ արտադրող ամերիկեան ընկերութեան մը ջանքերուն, իսկ զանոնք բաժնելու գործը վստահուած էր Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Շուէտէն կամաւորներու», կը յայտնէ «Փարոս» հիմնարկի գործադիր վարիչ Փիթըր Ապաճեան:
18ամսեայ այս նախաձեռնութեան մասին «Փարոս» հիմնարկը նաեւ պատրաստած է 9 վայրկեաննոց ֆիլմ մը, զոր կարելի է դիտել՝ այցելելով www.paros-foundation.org կայքը: