ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Տումանեան եւ Գերմանիոյ առողջապահութեան նախարարութեան պետական քարտուղար Թոմաս Իլկա 16 Օգոստոսին ստորագրեցին առողջապահութեան բնագաւառին մէջ փոխադարձ յարգանքի, հաւասարութեան եւ փոխշահաւէտութեան սկզբունքներու հիման վրայ երկկողմանի համագործակցութիւն ծաւալելու վերաբերող միացեալ համաձայնագիր:
Ըստ նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, ստորագրուած փաստաթուղթով համագործակցութիւն պիտի ծաւալի առողջապահութեան եւ բժշկական ապահովագրութեան համակարգերուն, հանրային առողջապահութեան զարգացման, առողջապահութեան օրէնսդրութեան կատարելագործման, ինչպէս նաեւ այս բնագաւառին անջատ ճիւղերու զարգացման ծիրին մէջ։
Դերենիկ Տումանեան՝ բարձր գնահատելով ցարդ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ համագործակցութիւնը՝ առողջապահութեան ոլորտին մէջ, յատուկ կերպով անդրադարձած է 2003էն ի վեր Գերմանիոյ կառավարութեան նիւթական ներդրումով Հայաստանի մէջ յաջողութեամբ իրականացուած թոքախտի դէմ պայքարի ծրագիրը, որ դրական մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Հայաստանի մէջ թոքախտի կանխարգելման, կանուխ յայտնաբերման եւ բուժման իմաստով։
«Յայտարարութիւնը Գերմանիայի եւ Հայաստանի առողջապահութեան ոլորտում համագործակցութեան նոր էջ է բացում եւ փոխգործակցութեան լայն ուղիներ նախատեսում: Վստահ եմ, որ բոլոր ուղղութիւններով համատեղ աշխատանքի արդիւնքում ապագայում մեծ յաջողութիւններ կ՛արձանագրենք», դիտել տուած է առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Տումանեան:
Թոմաս Իլկա նշած է, որ թէեւ առողջապահութեան բնագաւառին մէջ երկու երկիրները շատոնց կը համագործակցին, սակայն այս ծրագիրով նախարարութիւններու մակարդակով աշխատանքները ընդլայնելու անհրաժեշտութիւն յառաջացած է:
«Փաստաթուղթը, իրօք, համագործակցութեան բազմաթիւ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ ո՛չ միայն միջկառավարական մակարդակով, այլեւ առանձին դարմանատուներու միջեւ: Կ՛ակնկալեմ աշխոյժ համագործակցութիւն՝ ի շահ մեր երկիրներու ազգաբնակչութեան որակաւոր բժշկական սպասարկութեան», ըսած է Թոմաս Իլկա:
Դերենիկ Տումանեան լուսարձակի տակ առած է գերմանացի գործընկերներու աջակցութեամբ յառաջիկայ 1-2 տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ ժամանակակից ուռուցքաբանութեան, ինչպէս նաեւ մանկական արեան քաղցկեղի կեդրոններու ստեղծումը՝ շեշտը դնելով անոնց անհրաժեշտութեան վրայ: Ան նաեւ նշած է, որ հայկական կողմը մեծ ակնկալութիւններ ունի նաեւ մասնագէտներու վերապատրաստութեան, դասախօսներու փոխանակման, բժշկագիտութեան զարգացման մարզին մէջ միացեալ ուսումնասիրութիւններ կատարելու գործունէութիւններէն։
Առողջապահութեան նախարարը առաջարկած է նշանակել պատասխանատուներ, որոնք ուղղակի կապեր պիտի հաստատեն նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ բժշկական անձնական հաստատութիւններուն միջեւ:
Հայ-գերմանական համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք Հայաստանի մէջ կը գործադրուին շարք մը ծրագիրներ, հիմնուած են կեդրոններ, մասնաւորապէս՝ հայ-գերմանական MIM բժշկական կեդրոնը, «Արեգնազան« կրթական համալիրը, Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի «Մուրացան» համալսարանական դարմանատան քիմիաբուժութեան բաժանմունքը: