ՀԱԼԷՊ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15ին, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցան քանի մը պայթումներ, որոնցմէ մէկուն թիրախը այն պանդոկն էր, որ կը գործածուի ՄԱԿի դէտերուն կողմէ. իբրեւ հետեւանք՝ վիրաւորուած է առնուազն երեք հոգի: Այլ ականի մը թիրախը զինուորական ակումբ մըն էր:
Միւս կողմէ՝ Սուրիոյ կառավարութեան դէմ պայքարող ըմբոստները հաղորդեցին, թէ Չորեքշաբթի օր 30 հոգի սպաննուած է հիւսիսային Ազազ քաղաքին մէջ, որ օդային յարձակումի մը ենթարկուած է:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լիան Փընեթա յայտնեց, որ Ուաշինկթըն «սուրիական հողերուն վերեւը թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատելու բաւարար կարողութիւնը ունի, սակայն այդ մէկը կը պահանջէ քաղաքական որոշում մը, որ տակաւին չէ տրուած»: Ան նշեց նաեւ, որ ամերիկեան վարչակազմը, արտակարգ կացութիւններ հաշուի առնելով՝ պատրաստած է կարգ մը ծրագիրներ, որոնք նման գօտիի մը հաստատման կարելիութիւնը կը ներառեն, սակայն ընդունեց, թէ նման ծրագիրներու գործադրութեան ընթացքին կարգ մը դժուարութիւններ կրնան ի յայտ գալ՝ ընդգծելով, որ այդպիսի գօտիի մը ստեղծումը ներկայիս սեղանի վրայ գտնուող առաջնահերթ հարցերուն գլխաւորը չէ: Իրան մէկ օր առաջ զգուշացուցած էր, թէ Սուրիոյ վերեւը թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծումը կրնայ շրջանին մէջ պատերազմ բռնկեցնել:
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտնեց, որ Ռուսիա ներկայիս սուրիական հարցին մէջ դրական դեր չի խաղար:
Նաեւ, ՄԱԿի մարդկային իրաւանց քննիչներ Չորեքշաբթի օր հաստատեցին, թէ ունին բաւարար փաստեր այն մասին, որ Սուրիոյ իշխանութեանց համակիր ու ընդդիմադիր զինեալները «պատերազմական ոճիրներ» եւ «մարդկութեան դէմ ոճիրներ» կատարած են:
Միւս կողմէ՝ Լիբանանի մէջ շիի զինեալներ Չորեքշաբթի օր յայտարարեցին, թէ ձերբակալած են 20 սուրիացիներ, ներառեալ՝ ըմբոստներու ղեկավար մը՝ պահանջելով, որ ըմբոստներու կողմէ Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած իրենց ընտանեկան պարագան ազատ արձակուին: Ըմբոստները կը պնդեն, թէ Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած այդ ենթական Սուրիոյ կառավարութեան կողքին կը կռուէր ու անդամ է լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան, սակայն «Հըզպալլա» հերքած է այդ պնդումը:
Նաեւ, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան մարտական թեւի ղեկավարներէն Պայուզ Արտալ յայտնեց, որ կուսակցութիւնը Սուրիոյ զարգացումներուն կը հետեւի մօտէն, սակայն ցարդ՝ «սուրիական հարցին չմիջամտեցինք»:
«Կը տեսնենք, որ Սուրիոյ մէջ կռիւը պարզապէս ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ կռիւ մը չէ, եւ հոն շրջանային եւ միջազգային ուժերու ուղղակի միջամտութիւն գոյութիւն ունի: Հոն տեղի ունեցողը կարելի է Սուրիոյ տիրելու համար կռիւ կոչել, իսկ մենք իբրեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւն, այս տագնապին մէջ որեւէ ուժի ներկայացուցիչը պիտի չըլլանք, սակայն կը զօրակցինք սուրիացի ժողովուրդին, իր տարբեր ազգութիւններով, յարանուանութիւններով եւ հատուածներով», աւելցուց ան՝ հերքելով Անգարայի այն պնդումները, թէ քրտական կուսակցութիւնը Դամասկոսի գործիք մը դարձած է: