ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մէջ անգամ մը եւս քաղաքական բանտարկեալ մը բանտին մէջ «մահացած է»: Այս անգամ զոհը Ատրպէյճանի իսլամական կուսակցութեան 46ամեայ անդամ Ֆիզուլի Նովրուզովն է, որ ըստ իշխանութեանց՝ թիւ 16 բանտին մէջ մահացած է սրտի կաթուածի մը պատճառով:
Ըստ ատրպէյճանական «Հակին» լրատուական կայքին՝ անցեալ Փետրուարին Նովրուզովի դէմ ապօրինի թմրանիւթեր պահելու ամբաստանութիւն կատարուած էր, ինչ որ Ատրպէյճանի մէջ իսլամական գործիչներու դէմ գործածուող սովորական ամբաստանութիւն է: Այս ամբաստանութեան պատճառով ենթական մէկ տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ:
«Ֆիզուլի Նովրուզով ատրպէյճանական բանտերու մէջ մահացած երրորդ քաղաքական բանտարկեալն է. բան մը, որ լուրջ տագնապ եւ մտահոգութիւն յառաջացուցած է քաղաքական դրդապատճառներով ձերբակալուածներուն համար: Նովրուզով ձերբակալուած էր՝ լաչակ կրելու իրաւունքի պաշտպանութեան գծով կայացած ցոյցի մը մասնակցելուն համար», կը գրէ կայքը, որ անհիմն կը համարէ թմրանիւթերու կապակցութեամբ ամբաստանութիւնը:
Մօտ մէկ ամիս առաջ՝ Յուլիս 12ին, ատրպէյճանական բանտի մը մէջ մահացած էր նաեւ Ատրպէյճանի իսլամական կուսակցութեան փոխնախագահ Վաքիֆ Ապտուլլաեւը, որ 2011ի Յունուարին ձերբակալուած էր եւ ծանր յանցագործութիւններու դատարանին կողմէ 11 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած: Ան ամբաստանուած էր բռնութեամբ իշխանութեան հասնելու փորձ կատարելու, ապօրինի զէնք պահելու ու ահաբեկչական գործողութիւններ նախապատրաստելու յանցանքներով:
2009 Օգոստոսին, այլ բանտի մը մէջ մահացած էր թալիշներու «Թալիշ Սատօ» թերթի գլխաւոր խմբագիր, Թալիշական մշակութային կեդրոնի ղեկավար փրոֆ. Նովրուզալի Մամետովը, որ ձերբակալուած էր 2007ին եւ դատապարտուած տասը տարուան բանտարկութեան՝ Ատրպէյճանի մէջ «թալիշներու լեզուն եւ թալիշական արժէքները» քարոզելուն եւ «Իրանի ի նպաստ լրտեսութիւն» կատարելուն համար:
Յիշեցնենք, թէ իշխանութիւնները վերջերս ձերբակալած են նաեւ թալիշներու նոյն թերթի նոր խմբագիրը: Նաեւ, Ատրպէյճանի իսլամական կուսակցութեան ղեկավար Մովսում Սամետով եւ վեց այլ անդամներ նոյնպէս 2011ի Դեկտեմբերին երկարատեւ ժամկէտներով բանտարկութեան դատապարտուած են: