
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը տեղեկացնէ, թէ եկեղեցւոյ տարեկան ընտանեկան դաշտագնացութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 16ին, յաւարտ Ս. պատարագի:
Մասնակցութեան սակը 20 տոլար է: Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է դիմել եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ (818) 243-8400 թիւով:
Եկեղեցին նաեւ կը յիշեցնէ, թէ Սեպտեմբեր 30էն Հոկտեմբեր 13ի միջեւ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյն կազմակերպած դէպի Հայաստան եւ Արցախ ուխտագնացութիւնը, որուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է դիմել (818) 243-8400 թիւին կամ՝ Bedrossian99@gmail.com հասցէին: