Աւելի քան 500 մարզիկներ պիտի համախմբուին Լոս Անճելըսի մէջ գալ շաբթուընէ սկսեալ՝ մասնակցելու ՀԲԸՄի 19րդ խաղերու մրցաշարքին, որ պիտի սկսի Շաբաթ օր, Յուլիս 28ին։ Այդ մարզիկներուն վերապահուած է վայելքի բացառիկ պահեր՝ ինչպէս սովորութիւն դարձած է՝ 1955էն սկսեալ։
Բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 29 Յուլիս 2012ի երեկոյեան ժամը 6ին, Փասատինայի Գոլեճի մարզադաշտին վրայ։
Արժանթինէն, Աւստրալիայէն, Գահիրէէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ուրուկուէյէն, Պրազիլէն եւ Ֆրանսայէն ժամանած մարզիկները տողանցքով մուտք պիտի գործեն մարզադաշտէն ներս եւ մասնակցին երդման արարողութեան։ Իսկ գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցին աշխարհահռչակ երաժիշտ եւ յօրինող Տէյվիտ Ֆօսթըրն ու հայազգի երգիչներ Սիլվա Յակոբեանն ու Յովհաննէս Շահպազեանը։ Մուտքը ազատ է բոլորին։
Մարզական խաղերու կողքին ծրագրուած են ընկերային զանազան միջոցառումներ՝ որոնցմէ կարելի է յիշել ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու միաւորին կազմակերպած հաւաքոյթը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 31 Յուլիսի երեկոյեան, Եունիվըրսըլ Շերըթըն պանդոկի տանիքը։ Իսկ յաջորդ օր՝ մարզիկները պիտի մասնակցին ծովագնացութեան եւ Ուրբաթ,3 Օգոստոսի երեկոյեան իրենց կը սպասէ զուարթ ժամանց մը՝ երբ անոնք ներկայ պիտի գտնուին ՀԲԸՄ Արտաւազդ թատերախումբին կատարողութեամբ «Սէր եւ Ծիծաղ» ներկայացումին։
Մարզախաղերու աւարտին տեղի պիտի ունենայ աւանդական Յաղթանակի պարահանդէսը՝ Շաբաթ,4 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Եունիվըրսըլ Սթուտիոյի յետսամասը գտնուող բացօթեայ Նիւ Եորք պողոտային վրայ։ Օրուայ հանդիսավարը պիտի ըլլայ լոնտոնաբնակ յայտնի կատակախօս Գեվ Օրքեանը, իսկ երգիչները պիտի ըլլան հայրենաբնակ Սիլվա Յակոբեանը եւ Ժոզէֆ Գրիգորեանն ու Արմէնչիքը։ Տոմսերու համար կարելի է հեռաձայնել (626) 808-6662 թիւին։
Մրցաշարքի Կազմակերպիչ յանձնախումը կը գլխաւորէ Շահէ Սէօյլէմէզեանը՝ որ հետեւեալ խօսքերով արտայայտուած է այս առթիւ. «Ես իսկապէս հպարտ եմ որ մեզի միացած են հարիւրաւոր կամաւորներ, որոնք գրեթէ մէկ տարիէ ի վեր տքնաջան կերպով կ՛աշխատին՝ յաջողութեամբ պսակելու այս աննախնթաց միջոցառումը։ Փառք ու պատիւ բոլորին։»
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է այցելել մեր կայքէջը, հետեւեալ հասցէով՝ www.agbugames.com