Հինգշաբթի, Յուլիս 26ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Մերտինեան» մատուռին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403) պիտի կայանայ Հայկազ Թրթռեանի կողմէ ներկայացուելիք դասախօսութիւն մը՝ «Քեսապ հայաւանը եւ անոր ներդրումը՝ սուրիահայ ազգային կեանքին մէջ» խորագիրով:
Ընթացքին պիտի ներկայացուի Քեսապի պատմական ամփոփ պատկերը՝ ներառելով գաղթականութիւնն ու իր պատճառած անպատմելի ողբերգական ազդեցութիւնը ժողովուրդի հոգեկան եւ տնտեսական վիճակին վրայ, բնակչութեան կեանքի տարբեր ոլորտներու ուշագրաւ երեւոյթները եւ գիւղական, մշակութային, ազգային եւ հասարակական կեանքը:
Նկարներով ցոյց պիտի տրուի Քեսապի ընդհանուր համայնապետկերը, գեղեցիկ տեսարանները, յատկանշական կառոյցներն ու շրջանային գիւղերը՝ իրենց արհեստներու, գործունէութեան եւ առեւտրա-արդիւնաբերական հաստատութիւններով:
Բանախօսը պիտի անդրադառնայ նաեւ այն գնահատելի ներդրումին, զոր Քեսապը ունեցած է Սուրիահայ ազգային, կրթական եւ հասարակական կեանքին մէջ: Հպանցիկ քննարկում մը պիտի կատարուի սուրիահայերու ներկայ ճգնաժամային իրավիճակին եւ դժբախտութիւններով յղի ապագային մասին:
Հայկազ Թրթռեան ծնած է Քեսապ, 1930ին: Մանկութիւնը անցուցած է 12 հոգինոց (հինգ մանչ եւ հինգ աղջիկ) իր բազմանդամ ընտանիքին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քեսապի Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանին մէջ: 1943ին մեկնած է Անթիլիաս՝ ուսումը շարունակելու համար որպէս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սան: 1950ին աւարտած է Դպրեվանքի ուսման շրջանը եւ նուիրուած ուսուցչութեան: 1964-65 տարեշրջանէն սկսեալ Այնճարի «Յառաջ-Կիւլպէնկեան» քոլեճին, ապա՝ Պէյրութի Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ հայագիտական նիւթեր (Հայ գրականութիւն եւ Հայերէն լեզու) դասաւանդելէ ետք, 1977ին ընտանիքով փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Լոս Անճելըս:
1977էն մինչեւ հանգստեան կոչուիլը (1996), ուսուցչութեան պաշտօնով ծառայած է Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին մէջ՝ դասաւանդելով Հայ գրականութիւն եւ Հայ Դատ: Թրթռեան ամէն տարի աշնան կ՛այցելէ Քեսապ, վայելելու համար գեղեցիկ բնութիւնն ու տոհմիկ շրջանակին հետ ապրելու ուրախ ժամերը: Ան ամուսնացած է 1965ին եւ ունի չորս զաւակ՝ երեք մանչ եւ մէկ աղջիկ: