Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
«Իմ աչքերուս գոյնը հօրս աչքերուն գոյնն է», «Աղջիկս չկարողացաւ ունենալ իմ աչքերուս գոյնը»: «Հայրս, հօրեղբայրս եւ մօրաքոյրս շաքարախտաւորներ են, ես ոչ: Արդիօք զաւակս շաքարախտ պիտի ունենա՞յ»:
Նմանօրինակ արտայայտութիւններ, մտահոգութիւններ եւ հարցադրումներ յաճախ կը լսենք: Այս բոլորը լուսաբանելու համար պիտի խօսինք ծինաբանութեան (genetics) եւ ժառանգականութեան (heredity) սկզբունքներու մասին: Այս երկու նիւթերը բաւական բարդ, խրդին

եւ մասնագիտական նիւթեր են: Պիտի փորձնք մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ պարզագոյն ձեւով անդրադառնալ այս երկու խիստ կարեւոր նիւթերուն:
Ծինաբանութիւնը կը սերտէ ժառանգականութեան սկզբունքները եւ օրէնքները: Անոր միջոցաւ կը հասկնանք ժառանգականութիւնը, այսինքն՝ ինչպէ՞ս զաւակը կը նմանի իր ծնողքին, ինչպէ՞ս որոշ մարմնական երեւոյթներ-յատկանիշեր (traits) եւ որոշ հիւանդութիւններ կը
փոխանցուին ծնողներէն իրենց զաւակներուն: Ժառանգականութիւնը եւ ծինաբանութիւնը անբաժանելի իրականութիւններ են:
Կրեկոր Մենտել (Gregor Mendel) 1865ին գրած է ծինային ժառանգականութեան մասին որոշ տեղեկութիւններ: Մենտել նկատուած է մեր օրերու ծինաբանութեան նախահայրը:
Գիտնականներ 20րդ դարու սկզբնաւորութեան սկսան ուսումնասիրել, թէ ինչպէ՞ս մարդոց մօտ զանազան յատկանիշներ կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ: Ծինաբաններ (genetists) ծինաբանութեան միջոցաւ հաստատած են, որ ծինային ժառանգութիւնը կը կառավարէ
կենսաբանական (biological) տարբերակութիւնները (differentiation) եւ հոլովութային փոփոխութիւներու (evolution) մեծամասնութիւնը:
Լաւապէս հասկնալու համար ծինաբանութիւնը եւ ժառանգականութիւնը պիտի անդրադառնանք կեանքի կենսաբանական սկզբնաւորութեան, որ կը սկսի երկու ծնողներու սեռի (gonosomal, sex) բջիջներէն, սերմնաբջիջէն (sperm) եւ ձուէն (ovum) կազմուած նոր բջիջով՝
լծասերմով (zygote):
Մեր մարմինը կազմուած է միլիոնաւոր բջիջներէ, որոնք ունին պաշտօններ կեանքի յարատաւետութեան համար:
Բջիջները կը գործեն չորս հիմնական հանգրուաններով այս պաշտօններու իրականացման համար.
Ա. Բջիջները կը ներմուծեն արեան ճամբով իրնց հասած սննդանիւթերը եւ թթուածինը նիւթափոխանակութեան (metabolism) համար.
Բ. Բջիջները կ՛ամբողջացնեն սննդանիւթերու նիւթափոխանակութիւնը, որ կը նպաստէ իրենց աճման եւ կազմաւորման.
Գ. Մարմինի բոլոր բջիջները, բացի սեռական բջիջներէն, կը բազմանան կիսաւորումի գործընթացքով մը՝ «միթոսիս» (mitosis): Իւրաքանչիւր բջիջէ կը յառաջանայ երկու նոյնանման բջիջներ: Սեռի բջիջներն ալ կը բազմանան կիսաւորումի յատուկ գործընթացքով մը՝
«մէյօսիս» (meiosis).
Դ. Բջիջները կ՛արտաթորեն (excrete) նիւթափոխանակութեան թափօնները (waist products):
Մարմինի իւրաքանչիւր բջիջ կազմուած է՝
Ա. Բջիջային պատեանէ (cell membrane).
Բ. Բջիջակորիզէ (nucleus), որ ունի իր պատեանը: Բջիջակորիզին մէջ կը գտնուին բջիջակորիզային գոյակցութիւններ՝ «քրոմոզոմներ»ներ (chromosome): Յունարէնի մէջ chromosome բառը կազմուած է chroma եւ soma բառերէն: Chroma հայերէնով կը նշանակէ գոյն կամ
երփն, իսկ soma կը նշանակէ մարմին: Հետեւաբար, chromosome բառը պիտի փոխարինենք «երփնամարմին» բառով:
Երփնամարմինները երկար թելի նման ծինային մարմիններ են, որոնք կը կրեն բոլոր ծինային տեղեկութիւնները: Անոնց վրայ կը գտնուին հազարաւոր ծիներ, որոնք կազմուած են ժառանգականութեան բաղադրիչներէ (DNA, deoxyribonucleic acid): Երփնամարմինները եւ
ծիները կ՛որոշեն ժառանգականութիւնը, այսինքն՝ ծնողք-զաւակ մարմնական-ֆիզիքական, մտաւոր եւ վարքագիծային (behavior) նմանութիւնը:
Մարդ էակը կ՛ունենայ 20000-30000 ծիներ:
Գ. Բջիջահեղուկէ (cytoplasm).
Բջիջապատեանին եւ բջիջակորիզի պատեանին միջեւ եղած տարածութիւնը կը պարունակէ ջուրով հարուստ լպրծուն նիւթ մը, որ կը կոչուի բջիջահեղուկ: Անոր մէջ կը լողան հարիւրաւոր մանրամարմիններ (mitochondria), որոնք կը պարունակեն ժառանգականութեան
բաղադրիչներով հարուստ կլորակաձեւ երփնամարմիններ:
Բջիջապատեանը եւ բջիջակորիզի պատեանը թափանցելի (permeable) են, այսինքն որոշ նիւթեր ազատօրէն կանցնին երինց մէջէն երկու ուղղութեամբ՝ ներս եւ դուրս:
Արեան կարմիր գնթիկները կը տարբերին մարմինի մնացեալ բոլոր բջիջներէն: Անոնք որոշակի բջիջակորիզ եւ բջիջակորիզային պատեան չունին:
Իւրաքանչիւր բջիջակորիզ կը պարունակէ 46 երփնամարմիններ: Այս 46 երփնամարմինները կը կազմեն 23 զոյգեր: Իւրաքանչիւր զոյգ կազմուած է երկու երփնամարմիններէ՝ մէկը մօրմէն եւ միւսը հօրմէն: 23 զոյգերէն 22ը մարմնական (aotosomal, somatic)
երփնամարմիններ են եւ իւրաքանչիւր զոյգ ունի նոյն չափը, ձեւը, ծիներու թիւը եւ ծիներու վայրը-դիրքը (locus): Այս պատճառով անոնք կը կոչուին նոյնանման-համակազմ զոյգեր (homologus, identical): 23րդ զոյգը սեռական երփնամարմիններն են, որոնք կ՛ունենան X եւ Y
ձեւաւորումը եւ անոնք կը բնորոշեն անհատի մը էգ կամ առու ըլլալը: X երփնամարմինը աւելի մեծ է քան Y երփնամարմինը եւ ունի շատ աւելի ծիներ:
Իգական սեռը կ՛ունենայ XX զուգադրութիւնը (combination), այսինքն՝ համակազմ զուգադրութիւն: Առուները կ՛ունենան XY զուգադրութիւնը, այսինքն՝ այլակազմ (heterologus) զուգադրութիւն:
Մարմնական երփնամարմինները կը կրեն այն ծիները, որոնք կը բնորոշեն մարմինի գրեթէ բոլոր յատկանիշները: Իսկ սեռական երփնամարմինները կը կրեն այն ծիները, որոնք կը բնորոշեն անհատին սեռական յատկանիշները:
X երփնամարմինը կը կրէ ծիներ, որոնք պատասխանատու են շատ մը ժառանգական յատկանիշներու: Y երփնամարմինը կը կրէ ծիներ, որոնք կը բնորոշեն անհատին առու ըլլալը:
Ծինաբաններ 23 զոյգ երփնամարմինները թուագրած են 1-23, որոնք կը տարբերին իրարմէ չափով, ձեւով եւ ծիներու թիւով: Թիւ 1 զոյգի երփնամարմինները ամէնէն մեծերն են եւ կը պարունակեն մեր ունեցած ծիներուն 8 առ հարիւրը: Թիւ 21 զոյգի երփնամարմինը ամէնէն
պզտիկներն են եւ կը պարունակեն թիւ մէկ զոյգի ծիներու թիւին մէկ վեցերորդը:
Անհատի մը ծինային ամբողջական կազմուածքը կը կոչուի ծինատիպ (genotype): Անոր երփնամարմիններու ընդհանուր կազմուածքը կը կոչուի երփնատիպ (karyotype): Իսկ անոր արտաքին երեւոյթը կը կոչուի արտերեւութատիպ (phenotype), որ կը ներկայացնէ ծինատիպի
եւ միջավայրային ազդակներու ներգործութեան դրսեւորումը (manifestation): Արտերեւութատիպը կը յայտնուի որպէս յատկանիշ, օրինակի համար՝ աչքի գոյնը կամ մազի գոյնը:
Ծինային կազմուածքը միակ ազդակը չէ որ կը բնորոշէ ծինի մը արտաքին արտայայտութիւնը-երեւոյթը (expression), այլ կան նաեւ ուրիշ ազդակներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են միջավայրային ազդակները:
Ծնողներէն իւրաքանչիւրը իր զաւակին կը փոխանցէ իր երփնամարմիններուն եւ ծիներուն կէսը:
Երփնամարմիններու, ծիներու եւ ժառանգականութեան բաղադրիչներու փոխանցումով, զաւակ մը կը ժառանգէ իր ծնողներէն շատ մը յատկանիշներ, որոնք կը ցոլացնեն անոնց ամբողջ էութիւնը: Այս յատկանիշները ունին հետեւեալ յատկութիւնները.
Ա. Մարմնական-ֆիզիքական
Բ. Մտաւոր-իմացական
Գ. Վարքագծային (behavioral)
Դ. Մարմնական թերութիւններ
Ե. Հիւանդութիւններ:
Այլ խօսքով ծնողներուն լաւն ու վատ յատկութիւնները:
Ժառանգական թերութիւնները եւ հիւանդութիւնները տեղի կ՛ունենան հետեւեալ երեք պատճառներով.
Ա. Անբնական եւ թերի ծիներով
Բ. Թերի երփնամարմիններով.
ա. Երփնամարմինի մը կամ երփնամարմինի մը մէկ բաժինին բացակայութեամբ,
բ. Երփնամարմինի մը կրկնութիւն (duplication) տեղափոխութեամբ (translocation) եւ երեք երփնամարմինի գոյութեամբ (trisomy),
Գ. Թերի մանրամարմիններով:
Վերոյիշեալ թերութիւնները հետեւանքն են անբնական եւ հիւանդագին փոփոխութիւններու եւ այլակերպութիւններու (mutation), որոնք կը պատահին ծամանակի ընթացքին:
Ին՞չ է յատկանիշը:
Անիկա նշմարելի յատկութիւն մըն է, որ կը բնորոշէ անհատին արտաքին երեւոյթը կամ հիւանդութիւնը: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի շատ մը յատկանիշներ, որոնք մեզի կու տան իւրայատկութիւն: Ծնողները կը փոխացեն իրենց զաւակներուն այս յատկանիշները
ժառանգականութեան օրէնքներուն համաձայն եւ հետեւաբար ծնողք եւ զաւակ, քոյր եւ եղբայր, քոյրեր եւ եղբայրներ կը նմանին իրարու: Յատկանիշերու փոխանցումը կը կատարուի ծիներու եւ երփնամարմիններու փոխանցումով, սակայն շատ մը յատկանիշներու
պարագային միջավայրը կ՛ունենայ իր ներգործութիւնը, օրինակ՝ մորթի կամ մազի բնական գոյնը արեւու ճառագայթներու ազդեցութեամբ կ՛այլափոխուի:
Մօտաւորապէս 200է աւելի յատկանիշեր կը փոխանցուին մէկ սերունդէ յաջորդ սերունդ: Այս յատկանիշները կը կոչուին ժառանգական յատկանիշեր:
(Շար. 1)