
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Լեզուի պետական տեսչութեան պետ Սերգէյ Երիցեան յայտնած է, որ Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան Լեզուի պետական տեսչութիւնը վերջին վեց ամիսներուն տնտեսվարող 60 կեդրոններու նկատմամբ յարուցած է դատական վարոյթ, որուն իբրեւ արդիւնք՝ պետական պիւտճէ գանձուած է շուրջ երեք միլիոն դրամ: «Թւում է, թէ ամիսների ընթացքում, 60ը հսկայ Երեւանի համար շատ փոքր է, բայց սա բերում է շղթայական ռէակցիա (հակազդեցութիւն-Խմբ.). հները վերափոխում են իրենց ցուցանակները, նորերն էլ փորձում են օրէնքի տառին համապատասխան կազմակերպել գործընթացը», ըսած է ան:
Խախտումներուն մեծ մասը կը վերաբերի փակցուած ցուցանակներուն եւ գովազդներուն, որոնց մէջ հայերէն ցուցանակները չեն գերակայէր: Այսինքն՝ հայերէն գրութիւնը տեղադրուած է ոչ թէ ձախէն աջ, ինչպէս կը կարդանք հայերէնի մէջ, այլ հակառակը, կամ ալ հայերէն գրուածքը ծաւալով աւելի փոքր է:
Այն հարցումին, թէ տուգանուածներուն մէջ կա՞ն յայտնի տնտեսվարողներ՝ Սերգէյ Երիցեան խուսափած է շատ անուններ յիշատակելէ, սակայն նշած է «Basic house», «Cacharel» անունները:
Լեզուի պետական տեսչութեան պետին խօսքով, դատական գործընթացը ժամանակատար է եւ պիտի տեւէ քանի մը ամիս: Կան գործեր, որոնք կարիքն ունին տարբեր ատեաններ հանդիսանալու, եւ այդ պարագային՝ գործընթացը կը տեւէ շուրջ մէկ տարի:
Սերգէյ Երիցեանի խօսքով, խնդիրներու առկայութեան պատճառը օրէնսդրութեան անկատարութիւնն է, որուն հետեւանքով, զոր օրինակ, վերջին 8-9 տարիներուն չէ գործած Թերմինաբանական խորհուրդը: Իսկ հեռուստատեսութեան եթերի վերահսկողութեան հարցով՝ Լեզուի պետական տեսչութիւնը ունի գրեթէ նոյն գործառոյթները, զորս ունի հասարակ քաղաքացին: Ուստի, քանի դեռ օրէնսդրական կարգաւորումներ չեն եղած, Լեզուի պետական տեսչութեան աշխատակիցներուն կը մնայ միայն «վրդովուիլ զգացական մակարդակով», կ՛ըսէ Երիցեան:
«Մենք միակ տեսչութիւնն ենք, որ չունինք օրէնք մեր մասին, կայ օրէնսդրական նախաձեռնութիւն եւ յոյսով եմ, որ նոր ԱԺն աշնան իր աշխատանքները կը սկսի այս նախաձեռնութիւնից», նշած է Սերգէյ Երիցեան:
Լեզուի պետական տեսչութեան պետին վկայութեամբ, բնաւ առասպելներու շարքէն չեն հասարակական կայքերու մէջ շրջանառուող միջազգային որոշ բառերու հայերէն հոմանիշները, ինչպիսին են՝ «կնախտաբան»՝ կինեքոլոկ, «միզաբան»՝ ուրոլոկ, «տարփալից»՝ էրոթիք, եւ այլն:
«Կան լեզուաբաններ, որոնց անունները չեմ ուզում հիմա տալ, որոնք բառարաններ են ստեղծել եւ նրանց ինչ որ գրքոյկներում կան բառային այդ շարքերը: Կնախտաբանը՝ հարիւր տոկոս», նշած է Սերգօ Երիցեան, աւելցնելով, որ վերոյիշեալ բառերուն միւս մասը ստեղծուած է «կատակի համար», ինչպէս օրինակ՝ օրիորդաբնդիչ՝ մաչօ:
Ան նշեց, որ այս բառերը կը գոյատեւեն մեր լեզուն մուտք գործած այնպիսի բառերու հետ միասին, ինչպիսին են՝ «հիմնախնդիր» (փրոպլեմ), գործառոյթ (ֆունկցիա), եւ այլն:
Վերջաւորութեան, Սերգօ Երիցեան յիշեցուցած է, որ լեզուաբանները պարտաւոր են զբաղելու բառաստեղծ գործունէութեամբ: