ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս ողջամիտ փոխզիջումներու հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի. այս մասին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնած է Յունիս 28ին, Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութեան գագաթնաժողովին ունեցած ելոյթին ընթացքին:
Ըստ նախագահական գրասենեակի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան՝ Սերժ Սարգսեան, խօսելով ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ վիճակին մասին՝ իր մտահոգութիւնները ներկայացուցած է հակամարտութեան սահմանագիծին ու հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ վերջին շրջանին արձանագրուած ատրպէյճանական կողմի սադրիչ գործողութիւններուն առնչութեամբ:
ՀՀ նախագահը իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձած է Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի վերընթաց զարգացող յարաբերութիւններուն, համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով զանազան ուղղութիւններով ընթացող բանակցութիւններուն, ինչպէս՝ մուտքի արտօնագիրներու եւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն ազատ առեւտուրի գօտի հիմնելու վերաբերեալ. Նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-ԵՄ քննարկումներուն մէջ առանցքային նշանակութիւն ունեցող՝ Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու լայն օրակարգին: (Այս մասին տես 2րդ էջի յօդուածը):