Այսօր կը գտնուինք Նաւասարդեան 37րդ մարզախաղերու սեմին: Ուրախ է ՀՄԸՄի ողջ ընտանիքը: Մեղուի փեթակի նման արդիւնաւէտ կը գործեն Նաւասարդեանի յանձնախումբն ու ենթայանձնախումբերը՝ կազմակերպական բծախնդիր աշխատանքներ տանելով մարզախաղերու եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու յաջողութեանց համար:
Նուաճումներու եւ յաղթանակներու նոր էջ մը եւս կը բացուի ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ, Նաւասարդեան մարզախաղերու իրագործման ուրախ առիթով: Գովքը կը հիւսուի 37 տարիներ անընդմէջ իրականացուող երիտասարդական եւ բազմանդամ մարզական այն իւրայատուկ նախաձեռնութեան, որ ոչ միայն հազարաւոր երիտասարդներ մրցակցութեան կը հանէ, այլ նաեւ անոնց շուրջ կը համախմբէ շրջանի հայութիւնը:
Նաւասարդեան մարզախաղերուն առիթով կազմակերպուած կարեւորագոյն ձեռնարկներէն է՝ Յաղթանակի պարահանդէսը, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 1 Յուլիս 2012ի երեկոյեան ժամը 7ին, «Եունիվըրսըլ Հիլթըն» պանդոկի գլխաւոր սրահէն ներս՝ 555 Universal Hollywood Drive, Universal City, CA 91608: Նոյն օրը տէր եւ տիկ. Գագիկ եւ Մատինէ Գէորգեանները պաշտօնապէս պիտի ստանձնեն իրենց Պատուոյ նախագահութիւնը՝ զայն խորհրդանշող Եռագոյն երիզի ստանձնումով, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուի «Տիպար ՀՄԸՄական-2012» տիտղոսին արժանացած ՀՄԸՄական Մարօ Քէշիշեանը:
Գալով Նաւասարդեանի գլխաւոր առանցքը հանդիսացող մարզական մրցումներուն՝ անոնք պիտի շարունակուին 30 Յունիսի եւ 1 Յուլիսի շաբաթավերջին եւ իրենց ճակատագրական աւարտին պիտի հասնին Շաբաթ, 7 Յուլիսի կէս գիշերին:
Երեքշաբթի, 3 Յուլիսէն սկսեալ, ծրագրուած յայտագիրներով պիտի շարունակուին պասքեթպոլի, ֆութպոլի եւ վոլիպոլի մրցումները: Թենիսի եւ փինկ-փոնկի մրցումները տեղի պիտի ունենան 3 Յուլիսին, իսկ ճատրակին՝ 7 Յուլիսին, «Պըրմինկհամ հայ սքուլ»էն ներս:
Ուրախութեամբ կը հաղորդենք, թէ Շաբաթ, 16 Յունիսին, «Պըրմինկհամ հայ սքուլ»ի լողաւազաններուն մէջ, իսկ Կիրակի, 17 Յունիսին՝ անոր շրջափակէն ներս, յաջողութեամբ պսակուեցան թեթեւ աթլեթի եւ լողի բոլոր դասակարգերու մրցումները:
Հետաքրքրական եզրափակիչ այս մրցումներուն առընթեր, նոյն վարժարանի շրջափակէն ներս տեղի պիտի ունենայ հինգօրեայ փառատօնը, որուն պիտի մասնակցին շրջանի սիրուած արուեստագէտները: Պիտի վաճառուին համադամ ճաշեր: Փոքրիկները պիտի ունենան իրենց արուեստի անկիւնը:
Իբրեւ նորութիւն՝ այս տարի տեղի պիտի ունենայ դասական ինքնաշարժներու ցուցադրութիւն, Հինգշաբթի, 5 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 5-11, «Պըրմինկհամ հայ սքուլ»ի շրջափակէն ներս:
Նաւասարդեան մարզախաղերու փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 7 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:30ին. ընթացքին պիտի տողանցէ ՀՄԸՄի ողջ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ պիտի յանձնուի յաղթանակի բաժակները: Հանդիսութիւնը պիտի աւարտի հրավառութեամբ եւ գեղեցիկ անակնկալով մը: Այնուհետեւ Նաւասարդեան խրախճանքը պիտի շարունակուի փառատօնի շրջափակէն ներս:
Ստորեւ՝ Հինգօրեայ փառատօնի գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցող երգիչներու ցուցակը.
Երեքշաբթի, 3 Յուլիս 2012
Տեղի պիտի ունենայ հրավառութիւն.
* Գառնիկ Սարգիսեան
* Սագօ
* Հրաչ Պողարեան
* Սեդրակ Ովիկեան
Չորեքշաբթի, 4 Յուլիս 2012
* Յարութ Յակոբեան
* Սահակ Սիսլեան
* Ժամկոչեան Ճազ Թրիօ
* Մանվէլ Ոսկերչեան
* «Շէյտ աֆ Թրու»չ
Հինգշաբթի, 5 Յուլիս 2012
Տեղի պիտի ունենայ դասական ինքնաշարժներու ցուցադրութիւն.
* Ատիս Հարմանտեան
* «ՎԻԶԱ»
* Արա Շահպազեան
* Շիրազ
* Սամվէլ Սահակեան
Ուրբաթ, 6 Յուլիս 2012
* Գառնիկ Սարգիսեան
* Յարութ Յակոբեան
* Արնօ
* Արթին Պետրոսեան
* Ար-Մին
Շաբաթ, 7 Յուլիս 2012
* Յարութ Փամպուքճեան
* Անթուան Պէզճեան
* Արման Պաղչէճեան
* Սահակ Սիսլեան
* Արշամ
* Հայրօ Սարապեան
Մեր ակնկալութիւնն է, որ շրջանի հայութիւնը ամբողջական ներկայութիւն ըլլայ Նաւասարդեան մրցումներուն եւ ձեռնարկներուն, որպէսզի քաջալերէ ՀՄԸՄական մարզիկ-մարզկուհիները, որոնք յաջող ապագայ կը խոստանան:
Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն մասին, նաեւ այլ տեղեկութիւններ ստանալու համար, կարելի է այցելել Նաւասարդեան մարզախաղերուն առիթով ստեղծուած www.navasartiangames.com կայքը, կամ հեռաձայնել Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ (323) 344- 4300 թիւին: