Յաջորդաբար երկրորդ շաբաթն ըլլալով, Ազգ. առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող CASPS յանձնախումբը կազմակերպած էր հանրային վարժարաններ յաճախող ու գնահատելի արդիւնքներ արձանագրած հայ ուսանողներու ի պատիւ հանդիսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Նորթ Հոլիվուտի «Կրենչ» երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ։ Մայիս 29ին, CASPS-ը պատուած էր Կլենտէյլի վարժարաններու ուսանողներով, իսկ Չորեքշաբթի, Յունիս 6ի երեկոյեան, գնահատանքի արժանացան Լոս Անճելըս գաւառի կարգ մը (գլխաւորաբար Հովիտի շրջանի) վարժարաններու աշակերտները։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ իր գնահատանքի ու օրհնութեան պատգամը ուղղեց աշակերտներուն՝ մաղթելով յաջողութիւն ու վերելք։ Առաջնորդ սրբազանին կողքին ներկայ էին կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Ազգ. վարչութեան անդամ Անի Մկրտիչեան-Գարիքեան։
Բացման խօսքը արտասանեց CASPS-ի գործավար Արսինէ Յովհաննէսեան։ Հանդիսավարն էր հիւրընկալ վարժարանի տնօրէնի օգնական Զեփիւռ Գէորգ։ Խօսք առաւ CASPS-ի ատենապետ Ռուբիկ Կիւրճեան, իսկ գլխաւոր բանախօսն էր Կլենտէյլի քաղաքապետութեան պաշտօնատարներէն Արտաշէս Քասախեան։
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդը շնորհաւորութեան խօսք ուղղեց աշակերտներուն՝ իրենց արձանագրած յաջողութիւններուն համար։ Ան աշակերտները յորդորեց երախտապարտ ըլլալ Աստուծոյ՝ իրենց շնորհուած բարիքներուն համար, նաեւ նախանձախնդիր ըլլալ լաւագոյնս օգտագործելու ուսանողութեան շրջանը, իւրացնելու գիտելիք, սակայն նաեւ աճելու բարոյական ու մարդկային այն արժէքներով, որոնք իրենց կը ջամբուին երկրորդականի տարիներուն՝ հոգեպէս ամրանալու եւ դիմագրաւելու համար կեանքին բերելիք մարտահրաւէրները։ Առաջնորդը յիշեցուց, որ իւրաքանչիւր հայորդի պարտականութիւններ ունի՝ հանդէպ իր ընտանիքին, հաւաքականութեան ու ազգին, որոնց ծառայելու կոչուած է, իր սեփական կեանքը կերտելու առընթեր։ Ան շեշտեց, որ իբրեւ ամերիկածին հայեր՝ անոնք պարտին լաւագոյնս ծառայել մեր հաւաքական կեանքին՝ ձգտելով, բարելաւել մարդկային ընկերութիւնը։ Վերջապէս, սրբազանը գնահատանքի խօսք ուղղեց աշակերտներու ծնողներուն, ինչպէս նաեւ CASPS-ի ծառայողներուն։
Հանդիսութեան ընթացքին, գնահատագիրներ յանձնուեցան 165 աշակերտներու, իսկ լաւագոյն վեց աշակերտները արժանացան կրթանպաստներու՝ տրամադրուած Հայ կրթական հիմնարկութեան ու CASPS-ի կողմէ։