ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսա, ըլլալով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիր՝ իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ, որուն արդիւնքով վերջին օրերուն մարդկային կորուստներ արձանագրուած են. այս մասին Չորեքշաբթի, Յունիս 6ին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ սպասարկութիւնը:
Ֆրանսան կողմերուն կոչ ըրած է չդիմելու ուժի կիրառման ու չխախտելու 1994 թուականին հաստատուած զինադադարը:
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ռազմական ճանապարհով պէտք չէ լուծուի: Կողմերը պէտք է հաւատարիմ մնան խաղաղ կարգաւորման սկզբունքներուն՝ հիմնուած ՄԱԿի կանոնադրութեանն ու Հելսինքեան եզրափակիչ որոշման մէջ ամրագրուած ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին վերաբերող դրոյթներուն վրայ: Մինսկի խմբակի համանախագահները բանակցութիւնները շարունակելու նպատակով, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը եւս պիտի կազմակերպեն Փարիզի մէջ: Մենք կը նախապատրաստուինք այս հանդիպմանը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ՝ ակնարկելով Յունիս 18ին, Փարիզի մէջ կայանալիք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի ու Էլմար Մամետեարովի հանդիպումին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս Չորեքշաբթի օր անհանգստութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած նոր լարուածութեան կապակցութեամբ: «Միջազգային հրապարակներուն վրայ կը շարունակուին տարածաշրջանի կացութիւնը բնականոնացնելու ուղղուած ջանքերը: Տարածաշրջանին մէջ զգայուն եւ փխրուն հաւասարակշռութեան վրայ յենուած ներկայ իրադրութեան շարունակումը, ցաւալի մարդկային կորուստները, ոչ միայն չեն ծառայեր ոեւէ կողմի շահերուն, այլեւ անոնց խորանալու պատճառ կը հանդիսանան», նշուած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կոչ կ՛ըլլայ շահագրգիռ կողմերուն ու միջազգային հանրութեան, որ «անհրաժեշտ քայլերու դիմեն, Լեռնային Ղարաբաղի հարցը խաղաղ միջոցներով լուծելու համար»: