(Որպէսզի սոսկ կարգախօս չդառնայ… իշխանափոխութիւնը)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Արդէն ամիս մը անցած է Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ասդին եւ կեանքը երեւութապէս վերադարձած է նախքան ընտրութիւնները տիրող սովորական մթնոլորտին, կարծէք ոչինչ փոխուած է հայրենի

երկնակամարին տակ։
Հայաստանի հայը սրամիտ է եւ իրաւացիօրէն կը զարմանայ ու հարց կու տայ փոփոխութիւն սպասողներուն, թէ ինչո՞ւ պէտք է բան փոխուէր արեւուն տակ։ Չէ՞ որ ընտրութիւնները պէտք է ծառայէին եւ փաստօրէն ծառայեցին պետութեան ու իշխանութեան ընտրեալ տիրոջ՝ հանրապետութեան նախագահի քաղաքական դիրքերուն ամրապնդումին։ Իսկ երբ երկրին նախագահը կը մնայ նոյնը եւ աւելի՛ զօրաւոր դիրքերով, քան առաջ էր, այլեւս ի՞նչ փոփոխութիւններու մասին երազներ կը հիւսուին… Աւելի՛ն. վարչապետը պահուեցաւ նոյնը, իսկ Յովիկ Աբրահամեան պարզապէս վերարժանացաւ Ազգային Ժողովը երկրորդ անգամուան մը համար ղեկավարելու նախագահական վստահութեան, որովհետեւ ըստ երեւոյթին երես ճերմկցուց իբրեւ Սերժ Սար-գսեանի «ընտրական շտապ»ին ղեկավարը։
Միեւնոյն սրամտութեամբ՝ հայաստանեան մամուլի էջերէն դիտել կը տրուի, նաեւ, որ նախագահական իշխանութեան ճամբարին վերադասաւորումը – համախմբական կառավարութենէն Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան դուրս գալով – կարելի չէ համարել էական, լուրջ փոփոխութիւն։ Սրամիտ ըլլայ թէ ոչ՝ նման գնահատումը այնքան ալ իրատեսական չի թուիր ըլլալ, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի ընտրազանգուածի աւելի քան երեսուն տոկոսի քուէին արժանացած կուսակցութեան մը կառավարական համախմբումէն հեռացումին։ Իսկ Հայաստանի իրականութեան մէջ, հանրապետութեան ոեւէ նախագահ, յատկապէս Սերժ Սարգսեան ինք պիտի չուզէ, որ զրկուի Գագիկ Ծառուկեանի հնարաւորութիւններով օժտուած ուժի մը «գործընկերութենէն»։ Ճիշդ է, կառավարական համախմբումէն դուրս գալը անպայման չի նշանակեր, որ Գագիկ Ծառուկեան կը հրաժարի 2013ին Սերժ Սարգսեանի նախագահական թեկնածութիւնը պաշտպանելու իր երէկի յանձնառութենէն, բայց Հայաստանի քաղաքական խաղականոններով չէ ալ բացառուած նման հաւանականութիւնը։
Հետեւաբար, յետ–ընտրական որոշակի փոփոխութիւններ կան նախ իշխանաւոր ուժերու ճակատին վրայ եւ հաշուի պէտք է նստիլ անոնց հետ։
Աւելի՛ն. յետ–ընտրական շրջանի Հայաստանի ներ–քաղաքական կեանքը որոշապէս նախկինը չէ՝ ընդդիմադիր ուժերու նկատմամբ ընտրազանգուածի շօշափելի մեծամասնութեան ցուցաբերած բացայայտ վերապահութեան առումով։
Անշուշտ այս պարագային ալ, հայաստանեան միեւնոյն սրամտութեամբ, շատ են աջէն ու ձախէն պնդողները, թէ Մայիս 6ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան եւ Հայ Ազգային Քոնկրեսին կրած պարտութիւնը սպասելի էր ու հասկնալի եւ պէտք չկայ «շոկային» ու ցնցիչ նկատելու այսպիսի՛ արդիւնքը, որովհետեւ որեւէ լուրջ փոփոխութիւն չէր կրնար հետեւիլ պարզապէս իր ընթացակարգով ազատ, թափանցիկ ու մաքուր, բայց էապէս անհաւասար հնարաւորութիւններով եւ անարդար օրինականութեամբ կատարուած ընտրութեան մը։
Պարզ ու կտրուկ. ընտրութիւններէն շատ առաջ արդէն իշխանութեան գլխաւոր ներկայացուցիչները կ՛ազդարարէին, իսկ հասարակական հարցախոյզներու մասնագէտ «սոցիոլոգ»ները ջերմեռանդութեամբ կ՛ահազանգէին, որ «մե՛ր ժողովրդավարութեան» մէջ չկայ իշխանութեան եւ ընդդիմադրութեան ուժերը համատեղող, իրարու դէմ իրաւահաւասար պայքարի հանող քաղաքական մրցապայքարի դաշտ։ Կայ մէկ ու միակ դաշտ, որ իշխանութեան հետ քաղաքական գործարքի դաշտն է, իսկ ատկէ դուրս ամէն ինչ լուսանցք է ու լուսանցքային նշանակութեան կը մատնէ այսպէս կոչուած ընդդիմադրութիւնը դաշտ մտցնելու եւ ժողովրդավարական խաղին մասնակից դարձնելու բոլոր «յաւակնութիւններ»ը։
Գոնէ Հանրապետական կուսակցութեան բանբերներէն Գալուստ Սահակեանի օրինակով, իշխանամէտ գործիչները կրնան իրաւացիօրէն եւ հեղինակային իրաւունքով «յոխորտալ», թէ 2011ի գարնան իսկ իրենք զգուշացուցած էին նախագահական իշխանութեան հետ «գործընկերութիւն»ը մերժող քաղաքական ուժերը, որ իրենց այդ ընթացքով դատապարտուելու են լուսանցքի ու լուսանցքային դերակատարութեան…
Նոյնպէս եւ «սոցիոլոգ» Ահարոն Ադիբեկեանի օրինակով, հասարակական հարցախոյզի մասնագէտները եւ քաղաքական մեկնաբանները կրնան իրենց կողմէ աւելցնել, թէ տարիներէ ի վեր իրենք մասնագիտականօրէն կը լուսաբանեն ե՛ւ հանրային կարծիքը, ե՛ւ քաղաքական ուժերը, որ Հայաստանի ներ–քաղաքական դաշտին մէջ ընտրազանգուածին քուէները, երկու երրորդ տոկոսով, վերապահուած են իշխանութեան դիրքերու վրայ գտնուող եւ իշխանութեան լծակները ըստ կամս շարժելու հնարաւորութիւնը ունեցող ուժերուն։ Ընտրազանգուածի մնացեալ մէկ երրորդ տոկոսին քուէները միայն, այդ ալ չկողմնորոշուած հատուածը եւս հաշուելու պայմանականութեամբ, կրնան տրուիլ այսպէս կոչուած ընդդիմադրութեան։
Այսի՛նքն. եթէ Հայ Ազգային Քոնկրեսը կ՛ուզէր իսկապէս քուէներու բարձր տոկոս մը հաւաքել Մայիս 6ին՝ իր գրաւը պէտք է դնէր իշխանութեան վերապահուած քուէներէն մաս մը սիրաշահելու ընտրական ռազմավարութեան վրայ։ Իսկ նման ռազմավարութիւն կրնար յաջողութեան յոյս ունենալ, եթէ ընտրազանգուածի աչքին շօշափելի դարձնէր իշխանութեան կրտսեր գործընկեր ու բաժնեկից դառնալու իր կարողականութիւնն ու պատրաստակամութիւնը, ինչպէս որ ըրաւ Օրինաց Երկիր կուսակցութիւնը։ Բայց նման ռազմավարութիւնը վերջնականապէս տապանաքար կրնար դնել Լեւոն Տէր Պետրոսեան երեւոյթին վրայ, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութեանց կապուած քաղաքական հաշուարկներուն մէջ կը շարունակէ պահպանել կարեւոր խաղաքարի իր նշանակութիւնը։
Նոյնպէ՛ս. եթէ Դաշնակցութիւնը իրապէս կ՛ուզէր ընդդիմադիր ընտրազանգուածը գրաւել եւ, անոր ժողովրդավարական զօրաշարժը կազմակերպելով, թափ տալ կառավարման այս փտած համակարգի արմատական բարեփոխման պայքարին, ամէն բանէ առաջ եւ վեր հետամուտ պէտք է ըլլար ժողովրդավարական ընտրութեանց նմանակումի խաղն ու անոր օրինականութեան կեղծիքը մերժող ժողովրդային բողոքի շարժման ծաւալումին։ Անկասկած դժուար էր թափ տալ նման կազմակերպ բողոքի շարժումին, մանաւանդ որ իշխանութեան հետ «գործընկերութեան» ոլորապտոյտէն տակաւին նոր դուրս եկած էր եւ քաղաքական այդ արատէն դեռ լրիւ մաքրուած չէր Դաշնակցութիւնը։ Նաեւ պարզորոշ էր, որ ընտրապայքարի նման ռազմավարութիւն մը Դաշնակցութենէն կրնար վանել 2007ին ՀՅԴ պատգամաւորական ցուցակին զօրակցած, բայց ըստ ամենայնի իշխանութեան վերապահուած ընտրազանգուածին պատկանող համակիր զանգուածի քուէները։
Հետեւանքը ծանօթ է։
Դաշնակցութիւնը թէ՛ զրկուեցաւ իշխանութեան վերապահուած ընտրազանգուածի քուէներէն, թէ՛ չարժանացաւ կառավարման այս վարկաբեկ համակարգը մերժող ընտրազանգուածի վստահութեան քուէներու յաւելումին։
Ինչպէս որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչը ընտրութեանց աւարտէն անմիջապէս ետք յայտարարած էր, Դաշնակցութիւնը ինքնաքննադատութեան ոգիով անհրաժեշտ դասերը կը քաղէ Մայիս 6ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն։ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Ժողովը շուտով կը գումարուի եւ ներ–կուսակցական քննարկումներու բովին մէջ թէ՛ կու տայ կտրուած ճամբուն իր գնահատականը, թէ՛ կը ճշդէ Դաշնակցութեան հետագայ քաղաքականութեան եւ գործունէութեան ուղեգիծը։
Բայց հարցը Դաշնակցութենէն, Հայ Ազգային Քոնկրեսի համախմբած քաղաքական ուժերէն, Ժառանգութիւն կուսակցութենէն եւ նոյնինքն իշխանաւոր ճամբարին մէջ գործող Բարգաւաճ Հայաստանէն անդին կ՛անցնի։ Օրակարգի վրայ կը բերէ, ամենայն սրութեամբ, վերանկախացեալ Հայաստանի պետական կառավարման համակարգի իրա՛ւ ժողովրդավարացման մեծ խնդիրը, որու ծիրին մէջ ընդդիմադիր իւրաքանչիւր ուժ պէտք է քննէ եւ ճշդէ իր տեղն ու դերը։
Այդ առումով առանցքային կարեւորութիւն ունի յաղթահարումը ժողովրդավարութեան անունով կատարուող եւ նոյնինքն ժողովրդավարութիւնը, իբրեւ ժողովրդային պայքարի ազդու միջոցի, վարկաբեկող ամբոխավարութեան։
Առանց ժողովրդավարութեան նմանակումը ամէն քայլափոխի ժողովրդային ճնշումի տակ պահելու եւ մերժելու կազմակերպ պայքարին, առանց ժողովրդային բողոքի փողոցին ժողովրդավարական օրինականութիւնը ամրագրող քաղաքացիական մասնակցութեան հետեւողական շարժումի, Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ժողովուրդով ու պետականութեամբ դատապարտուած է պատանդ մնալու ժողովրդավարութիւնը իբրեւ իշխանաւոր ուժերուն վերապահուած մրցադաշտ օրինականացնելու քաղաքական այս արատաւոր մշակոյթին, որ ընդդիմադրութեան առջեւ բաց կը ձգէ միայն քաղաքական ազդեցութեան լուսանցքն ու լուսանցքային դերակատարութիւնը։
Ամբոխավարութիւնը ընտրանիական գաղափարախօսութեան գլխաւոր զէնքն է եւ պատահական չէ, որ Հայաստանի պարագային պետական իշխանութեան մենաշնորհ հաստատած շրջանակները կ՛աշխատին սոսկ իշխանափոխութեան կարգախօսքի վերածել եւ վարկաբեկել փորձել պետական կառավարման համակարգի արմատական բարեփոխման առաջադրանքը։
Քաղաքացիական շարժումի յարաճուն աշխուժացման եւ ծաւալման լծուած անխոնջ պայքար պէտք է, որպէսզի ժողովրդավարական նմանակումի եւ կեղծ օրինականութեան բուն չարիքին յաղթահարումը քաղաքական տրամաբանութեան ուժ ստանայ, արմատաւորուի՛ Հայաստանի ընտրազանգուածին քաղաքացիական գիտակցութեան մէջ։