
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Այս տարի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը կը բոլորէ իր քսանամեակը եւ այս օրերուն Երեւան հաւաքուած են հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդն ու Տեղական յանձնախումբերու ներկայացուցիչները՝ իրենց ամէնամեայ լիագումար ժողովը ունենալու համար։
Թէեւ հերթական ու աշխատանքային բնոյթ ունի հիմնադրամի պատասխանատուներուն հանդիպումը, այսուհանդերձ՝ թէ՛ այս տարուան յոբելինական առիթը, թէ՛ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին արմատաւորման ու հասունացման փաստը բաւարար հիմք են, որպէսզի հայ քաղաքական միտքը յատուկ լուսարձակի տակ առնէ ոչ միայն հիմնադրամի ընթացիկ գործունէութիւնը, այլեւ՝ անոր կոչումին եւ առաքելութեան զարգացման ու կատարելագործման հեռանկարները։
Մանաւանդ որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, ինչպէս որ հայրենի պետական այրերը կը վստահեցնեն, երկուքն ալ կտրած են ռուպիկոնը, թեւակոխած են կայուն զարգացման հունը եւ նախանձախնդիր են, որ հայկական սփիւռքը բարեսիրական օժանդակութիւններէ անդին անցնի եւ ուղղակի գործարարական ներդրումներով իր հիմնական տեղը զբաղեցնէ Ազգի Պետական Տան յառաջխաղացքին մէջ։
Նաեւ ուշադրութենէ չի կրնար վրիպիլ վերջին տարիներուն աստիճանաբար շեշտուող այն իրողութիւնը, որ հայկական սփիւռքը ընդհանրապէս եւ իւրաքանչիւր հայօճախ իւրովի լուրջ խոչընդոտներ կը դիմագրաւեն ազգային ինքնակազմակերպման, հայապահպանման եւ նորահաս սերունդներու հայեցի զարգացումը ապահովելու ճակատներուն վրայ, ինչը սուր բնոյթ եւ որոշ պարագաներու ուղղակի ահազանգի հնչեղութիւն կու տայ համահայկական տարողութեամբ պետական հոգատարութեան հրամայականին։
Իսկ ներկայ դրութեամբ՝ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամէն աւելի նպատակայարմար հասցէ չկայ, որուն կրնայ ուղղուիլ հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ հայութեան կարիքներուն եւ պահանջներուն պետականօրէն տէր կանգնելու մարտահրաւէրը։
Հարցը ա՛յն է, որ համահայկական իր կառոյցով հանդերձ՝ հիմնադրամը պատրա՞ստ է ընդառաջելու համահայկական առաքելութեան այդ մարտահրաւէրին եւ ստանձնելու աշխարհասփիւռ հայութեան պետական հոգատարութիւնը։
Եւ միայն պատրաստակամութեան չի վերաբերիր հարցը, այլեւ կախեալ է հիմնադրամի հնարաւորութիւններէն։ Հիմնադրամը ի վիճակի՞ է հասնելու բոլորիս։
Կասկածէ վեր է, որ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումին բերած կարեւորագոյն բարիքներէն եղաւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը։
Քսան տարի առաջ, երբ ՀՀ նախագահական հրամանագրով կը ստեղծուէր հիմնադրամը, ոչ ոքի մտքէն կրնար անցնիլ, թէ որոշապէս հայրենի հայութեան օգնելու նպատակով ստեղծուած այս կառոյցը օր մը կրնար դրուիլ համահայկական առաքելութեան լծուելու այսպիսի՛ մարտահրաւէրի առջեւ։
1988ի երկրաշարժը աղէտի գօտիի վերածած էր հիւսիսային կողմն հայաշխարհի։
Խորհրդային պետութեան արագընթաց փլուզումը բառին բուն իմաստով պետականութեան աւերակոյտի մը վրայ նստեցուցած էր իր ցաւը լացող մայր Հայաստանը։
Յաւելեալ՝ Արցախը կը շարունակէր արիւնաքամ ու քարուքանդ ըլլալ Ատրպէյճանի պարտադրած անհաւասար ուժերով պատերազմի պայմաններուն մէջ։
Իսկ Թուրքիոյ հաստատած Հայաստանի շրջափակումը նաեւ աշխարհէն կտրուելու վտանգին մատնած էր հայրենի մեր ժողովուրդը։
Նման օրհասական պահու մը ծնունդ առաւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը եւ, բնականաբար, ի սկզբանէ հայրենիքին օգնութեան հասնելու անհրաժեշտութեան վրայ խարսխեց իր գոյութեան իմաստն ու կոչումը։
Ժամանակները ճգնաժամային էին եւ կը հարկադրէին, որ այլապէս արդարացի ամէն կարգի ազգային–քաղաքական առաջնահերթութիւն ստորադաս համարուէր Հայաստանի անկախ պետականութեան ամրապնդումին ու հայրենի հայութեան վերապրումին, ֆիզիքական եւ հասարակական գոյատեւումին։
Եւ հայկական սփիւռքը ըստ արժանւոյն ընդառաջեց Հիմնադրամի ստեղծման մարտահրաւէրին։
Հիմնադրամին երթը դիւրին չսկսաւ նախ այն պատճառով, որ 1920ին Հայաստանի անկախութեան կործանումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով աշխարհասփիւռ հայութիւնը ի մի կու գար՝ իր անկախութիւնն ու ազատութիւնը վերականգնած Հայաստանի եւ Արցախի ազգընտիր իշխանութիւններով, քրիստոնեայ հայութեան հոգեւոր պետերով եւ ազգային–քաղաքական համահայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներով։ Փորձառութեան պակասը եւ աւելի քան եօթը տասնամեակ խորհրդայիններու սերմանած հրէի եւ հեթանոսի խտրականութիւնը յաղթահարել պէտք էր։ Հարկ էր հայրենիք–սփիւռք կամուրջներ հաստատել եւ փոխադարձ ճանաչումի ու գործակցութեան եղանակներ, այլեւ աւանդներ մշակել։ Բայց մանաւանդ անհրաժեշտ էր, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, հայ մարդոց միջեւ միութեան եւ միասնականութեան հողը հերկել ու արդիւնաւորել։
Հիմնադրամի սկզբնական քայլերը դիւրին չեղան, նաեւ ու մանաւա՛նդ, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ նախագահին եւ անոր իշխանաւոր վարչախումբին որդեգրած վարքագծին հետեւանքով։ Հայրենաբնակ թէ սփիւռքի հայութիւնը իւրայիններու եւ հակառակորդներու բաժնող ու Ազգի զաւակներուն միջեւ թշնամական պառակտում սերմանող վարքագիծ մը, որ ինքնին չէր կրնար յառաջ մղել Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի կոչումով՝ փոխադարձ վստահութեան, հանդուրժողութեան եւ բազմակարծութեան վրայ խարսխուած կառոյցը։ Ապա նաեւ վարքագիծ մը, որ օտարի լուծէն հազիւ ազատագրուած հայրենի հայութիւնը ըստ ամենայնի հեռու կը վանէր սեփական պետութենէն եւ իշխանութենէն, խորթացման ահաւոր հիասթափութիւնը գումարելով ծայր աստիճան չքաւորութեան ճիրաններուն մէջ յայտնուած հայ բազմութիւններու տառապանքին ու ընդվզումին վրայ…
Եւ այսօր, քսանամեայ հեռաւորութենէ, սառն դատողութեամբ արժեւորումը կատարելով հիմնադրամի կտրած ուղիին, կարելի է ամենայն պատասխանատուութեամբ արձանագրել, որ ի հեճուկս սփիւռքի մէջ միայն «նարինջ ուտողներ» եւ «Հայ Դատի ուզուորներ» տեսնելու ՀՀՇական իշխանութեանց մոլորանքին, կարելի եղաւ ճամբայ հարթել Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի յառաջխաղացքին առջեւ։ Հայ ազգային–քաղաքական ու համահայկական կազմակերպութիւնները իրենց մէջ բաւարար ուժ գտան, որպէսզի միասնականօրէն նախ բոլորուին հայրենիքին օգնութեան հասնելու հիմնադրամի հիմնական առաքելութեան շուրջ եւ անվարան սատար կանգնին անոր, ապա՝ միշտ նախանձախնդիր եղան, որ հիմնադրամի տեղական յանձնախումբերը չվերածուին սփիւռքը պառակտելու ծառայող նորելուկ գործիքներու…
Յատկապէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որուն դէմ անհաշտ պայքար յայտարարած էր Հայաստանի անդրանիկ նախագահը, սփիւռքի տարածքին իր վայելած համաժողովրդային լայն վստահութեան դրամագլուխն ու հեղինակութիւնը գիտցաւ ու կրցաւ վեր պահել հակադաշնակցական մոլուցքին լարած որոգայթներէն։ Ընդհակառակն՝ իր կազմակերպ ուժն ու համակիր բազմութիւնները ուղղեց դէպի հիմնադրամը իր կոչումին բարձրութեան վրայ պահելու նպատակը։ Տակաւին 1994ին նախաձեռնեց ու վարակիչ օրինակի վերածեց Արցախ Ֆոնտի թելեթոնը։ Գնահատեց եւ քաջալերեց Հայաստան Հիմնադրամի ազգօգուտ նախաձեռնութիւնները եւ, միաժամանակ, չվարանեցաւ քննադատելու ու սանձելու հիմնադրամի հովանիին տակ պաշտօնատար պատասխանատուներու կատարած շահատակութիւնները…
Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը իր կոչումին ու առաքելութեան պահանջած հունին մէջ պահելու առումով՝ անվիճելիօրէն վճռորոշ եղաւ բարեբեր ներդրումը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական այն այրերուն, որոնք գիտցան եւ կրցան հայրենի ներ–քաղաքական վէճերէն ու մրցակցութիւններէն վեր պահել հիմնադրամը։ Առաւելագոյն չափով նպատակային դարձուցին անոր գործունէութիւնը եւ անհրաժեշտ հակակշռի տակ առին հիմնադրամի պատասխանատու պաշտօնատարներու վարքն ու բարքը, վրէպներն ու սայթաքումները։
Այդպէ՛ս, դժուարին ուղի կտրելով, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը այսօր կը տօնէ իր քսանամեակը։
Խորքին մէջ ամբողջ հայութիւնը կը տօնէ յաջողութիւնը համահայկական իր միակ ընդգրկուն՝ ներկայացուցչական կառոյցին, ուր իրարու կը հանդիպին Հայաստանն ու Սփիւռքը, պետական իշխանութիւններն ու հոգեւոր առաջնորդները, քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութեանց պատասխանատու ներկայացուցիչներն ու ազգային բարերարները՝ հայրենի հայութեան, հայոց պետականութեան եւ ազատագրեալ Արցախին օգնութեան հասնելու, սատար կանգնելու եւ զարգացման կռուանները ամրապնդելու անվերապահ պատրաստակամութեամբ։
Այս առումով է, ահա, որ արմատաւորման եւ հասունացման իր տարերքին մէջ գտնուող հիմնադրամին համար եկած է ժամը, որպէսզի մտածէ, քննարկէ եւ ծրագրէ այն քայլերն ու նախաձեռնութիւնները, որոնք համահայկական իր կառոյցը պիտի բանան նոր հորիզոններու՝ համահայկական առաքելութեան մարտահրաւէրներուն ընդառաջելու համար։
Իսկ մարտահրաւէրները բազում են եւ բազմաճակատ, ինչպէս՝
– Ջաւախքի ազգային ու մշակութային ինքնութեան պահպանումը եւ հայկական այս բնօրրանին հայաթափումը կանխելու կոչուած հասարակական ու տնտեսական օժանդակութեանց փութացումը։
– Ազգային իր արմատներուն վերադառնալու զարթօնքը ապրող թաքնուած հայութեան տէր կանգնելու, հոգեմտաւոր սնունդ հասցնելու եւ ինքնակազմակերպման լծակներ գտնելու հրամայականը։
– Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յունաստանի նման տեղական ճգնաժամ բոլորող հայօճախներուն, յատկապէս անոնց հայապահպանման կռուաններուն, համահայկական տարողութեամբ ազգային եւ պետական նեցուկ ապահովելու անհրաժեշտութիւնը։
– Հայախօսութեան նահանջը դիմագրաւելու, արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը կազմակերպելու եւ, ընդհանրապէս, հայ հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը վերանորոգող արժէքներն ու ստեղծագործութիւնները քաջալերելու օրակարգը։
Շարքը երկար է եւ կը հասնի մինչեւ աշխարհասփիւռ հայութեան ոգեղէն հայրենիքը վերանկախացեալ Հայաստանի շօշափելի իրականութեամբ վերանորոգելու եւ հարստացնելու մարտահրաւէրը։
Բազմամակարդակ դժուարութիւններով ծանրաբեռնուած համահայկական այս աստիճան ընդգրկուն օրակարգը այսօր լուծելու ի վիճակի կրնայ չըլլալ, վստահաբար, հիմնադրամը։
Բայց անկասկած ի վիճակի է ի՛րը դարձնելու ազգի ու հայրենիքի վաղուան օրուան համար, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, այնքան բախտորոշ համահայկական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման այս օրակարգը։