ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Մեծ տօներու խորհուրդին մէջ կան պատգամներ, որոնք էապէս անփոփոխ ըլլալով հանդերձ, ժամանակ առ ժամանակ, գոյութիւն ունեցող պայմաններու լոյսին տակ մեզի համար կը գծեն նոր ուղիներ, ցոյց կու տան նորացուած մարտահրաւէրներ՝ պարզելով ներկայի հրամայականները: Արդէն այս է իմաստը տարեդարձներու նշումին ու տօնակատարութեանց:
Մայիս 28ի անկախութեան տօնը մեծագոյնն է, որուն հաւասարազօրը չկայ մեր պատմութեան մէջ:
Որովհետեւ՝
Մայիս 28ի շնորհիւ է, որ սահմանագծուեցաւ Հայաստանը,
Մայիս 28ով կերտուեցաւ հայ քաղաքացին,
Անոր առաջին տարեդարձի տօնակատարութեանց խորհուրդին ընդմէջէն բիւրեղացաւ Միացեալ Հայաստանի պատգամը, որ եղաւ ազգային-քաղաքական մեր հանգանակը եւ որ դարձաւ ներշնչող տեսլականը իրարայաջորդ սերունդներուն:
Իր լրիւ տարողութեամբ կշռաչափելու համար անոր արժէքը, կը բաւէ միայն երեւակայել, թէ այսօր ինչ պիտի արժէինք մենք, եթէ Մայիս 28 չունենայինք:
Անշուշտ, առարկայական տուեալներէ զուրկ՝ «եթէ»ներով պատմութիւն չի կառուցուիր, ոչ ալ կը մեկնաբանուի: Բայց այս պարագային, իր ամբողջ յստակութեամբ կը պարզուի հայութեան վերապահուած ճակատագիրը, եթէ յաղթութեամբ չպսակուէր Սարդարապատի մարտը եւ անոր չի յաջորդէր անկախութեան հռչակումը:
Մեր լինելութեան տօնն է նաեւ Մայիս 28ի տարեդարձը:
Անոր խորհուրդը ազատութեան ձգտումն է, որ հայ ժողովրդի հոգւոյն մէջ դարերու խորերէն ամրօրէն արմատացած՝ կարելի չէր եղած ամլացնել ստրկութեան ձիգ տարիներու երկայնքին: «Կայծեր» մը բաւարար եղաւ, որ ազատութեան կրակով հրդեհուի ամբողջ ժողովուրդ մը եւ նետուի ազատագրական թէկուզ անհաւասար կռիւի մէջ: Որովհետեւ ազատութիւնը մտքի փիլիսոփայութիւն չէ, որպէսզի հաշուարկներով առաջնորդուի, այլ հոգիի բանաստեղծութիւն է: Ներշնչում չէ, այլ պոռթկում: Ահա թէ ինչու զէնքի առաջին շաչիւնէն մինչեւ Սարդարապատի յաղթանակ ու Փետրուար 18 եւ մինչեւ ղարաբաղեան ազատագրական պայքար, պոռթկումը եղաւ այնքան բանաստեղծական, այնքան ֆիտայական:
Եւ հիմա կարգ մը «պատմաբաններու» կողմէ կը լսուին պղտոր ձայներ, որոնք շուտիկ ու մակերեսային վերլուծումներով կասկածի տակ կը փորձեն դնել մեր ազատագրական պայքարի ռազմավարութ;ան արդիւնաւորութիւնը, վիճարկելով-առարկելով-եզրակացնելով, որ անիկա չյանգեցաւ իսկական ու ամբողջական յեղափոխութեան: Թերեւս բառային նեղ իմաստով յեղափոխութիւն չկրցանք ունենալ, բայց եւ այնպէս ոչ ոք կրնայ կասկածիլ, որ ունեցանք աննման յեղափոխականներ, որոնք ուղեցոյց դարձան եւ լուսաւորեցին դէպի Մայիս 28ի խորհուրդը առաջնորդող ճամբան:
Եւ այդ խորհուրդէն բխող պատգամները կողմնորոշեցին քայլերը ժամանակակից ու յաջորդող սերունդներուն այնքան, որքան որ հայ կեանքի պայմանները կը թոյլատրէին:
Մայիս 28էն ետք՝ նաեւ Սեպտեմբեր 21, զոր ոմանք կը նկատեն մեր «երկրորդ անկախութիւնը» եւ իբրեւ այդպիսին կը հռչակեն զայն:
Այս թուականը պարզապէս տարեդարձն է Հայաստանի վրայ բռնացող ամբողջատիրական վարչակարգի մը 70 տարիներու փակագծային տխուր շրջանի մը աւարտին եւ նորի մը սկիզբին, որ խորքին մէջ օղակումն է անջատուած շղթային: Ըստ էութեան, անիկա հայրենիքի ժողովրդավարացման օր է, հայ քաղաքացիին մարդկային լիակատար իրաւունքներու տիրացման յոյսի տօնն է եւ ոչ թէ Մայիս 28ի հաւասարող կամ զայն փոխարինող տարեդարձ: Եւ ճիշդ այդ հիմնաւորումով ալ արդէն քսանամեակ մը առաջ, Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը վճռականօրէն վերականգնեց մեր անկախ պետականութեան խորհրդանիշներն ու ազգային ոգերգը:
Մայիս 28ի նորագոյն պատգամը ժողովրդային կամքով ու հանրաքուէով ամրագրուեցաւ Սեպտեմբեր 21ին. Ժողովրդավարութիւն, ազատ մարդու, ազատ քաղաքացիի իրաւունքներու լիակատարութիւն:
Կասկած չկայ, որ լիիրաւ ժողովրդավար համակարգի մը գոյացումը դժուար գործընթաց մըն է, որ կը հպատակի երկրի ու բնակիչներու քաղաքացիական ըմբռնումներու ներքին տրամաբանութեան հոլովոյթին, հանգրուանային նուաճումներով:
Կարեւորը պատգամին կառչած մնալու հաւատարմութիւնն է եւ զայն իրացնելու ձգտումը՝ յարատեւ ճիգով, դաստիարակութեամբ, առօրեայ կեանքի վարքագծով՝ ամէն գործի մէջ եւ բոլոր մակարդակներու վրայ:
Այս հրահանգը կը բխի անկախութեան խորհուրդէն եւ Սեպտեմբեր 21ի հանրաքուէով արտայայտուած ժողովրդային կամքէն: