
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 12 Մայիս 2012ը գործունէութեան հարուստ օր մը հանդիսացաւ ՀՄԸՄի համար: Վեն Նայսի «Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ»ի շրջափակը դարձեալ եռուզեռի մէջ էր, համախմբուած էին շրջանի հայկական վարժարաններու մարզիկ աշակերտ-աշակերտուհիները, իրենց ուսուցիչներուն, տնօրէններուն եւ ծնողներուն հետ: Ուրախ էր մթնոլորտը, որովհետեւ տեղի կ՛ունենար Քալիֆորնիոյ Հայ Աշակերտական 28րդ Մրցումներու՝ ՔԱՀԱՄի փակման հանդիսութիւնը:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով:
Օրուան հանդիսավարը ծանօթ ՀՄԸՄական Սիւզի Օհանեանն էր, որ ներկաները բարի գալուստի խօսքերով ողջունելէ ետք ներկայացուց օրուան հիւրերը, որոնց կարգին էին Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեան, ՔԱՀԱՄի հովանաւոր Ճորճ Ժամկոչեան, ՔԱՀԱՄի մասնակից հայկական վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցչական կազմեր, ծնողներ, ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի ղեկավարներ եւ անդամներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Օհանեան նաեւ ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ աշակերտական եզակի այս մրցումները, առաջին անգամ ըլլալով կը հովանաւորուէին ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 35րդ Մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Ճորճ Ժամկոչեանի կողմէ:
Ապա, բացատրելով ՔԱՀԱՄի կազմակերպման նպատակը ըսաւ. «28 տարիներէ ի վեր, անընդմէջ, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան կողմէ կը կազմակերպուին աշակերտական այս մրցումները, մեծ ոգեւորութիւն, մարզական մաքուր եւ առողջ միջավայր մը ստեղծելու հայ աշակերտութեան համար, եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ անոնց ծանօթացնելու ՀՄԸՄը եւ հրաւիրելու հայ աշակերտը իր ազատ ժամերը անցնելու ՀՄԸՄի շրջապատէն ներս: ՀՄԸՄի դուռները միշտ բաց են մեր երիտասարդութեան համար: Այսօրուան յաղթանակները արդար յաղթանակներ են, որոնց համար գնահատելի են ՔԱՀԱՄին մասնակցող աշակերտական բոլոր խումբերուն եւ անհատ աշակերտներուն ճիգերը, որոնք միշտ լաւագոյնին կը փորձեն հասնիլ»:
Այնուհետեւ շնորհաւորելով ՔԱՀԱՄի բոլոր մասնակիցներն ու անոր յաջողութեան նպաստող ուսուցիչներն ու ծնողները, Օհանեան հրաւիրեց Շրջանային մարզական խորհուրդի ատենապետ Քուինթ Չէմնիթսը՝ փոխանցելու Շրջ. վարչութեան պատգամը:
«ՔԱՀԱՄի 28րդ տարեկան այս մարզախաղերը շրջանի 13 հայկական վարժարաններէ հազարէ աւելի հայ մարզիկներ եւ հանրային զանազան վարժարաններէ հաւաքուած խումբ մը համախմբեց: Ապահով եւ մշակոյթով հարուստ միջավայրի մը մէջ միատեղուած աշակերտները մրցեցան զանազան մարզատեսակներու մէջ, վերանորոգեցին նախորդ մր-ցումներէն ստեղծուած բարեկամութիւնները, նորերը շահեցան եւ հպարտացուցին մեզ բոլորս իրենց յաջողութիւններով», ինքնավստահութեամբ յայտնեց մարզական պատասխանատուն, որ տարիներէ ի իր բաժինը բերած է այս մարզախաղերու կազմակերպչական աշխատանքներուն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՔԱՀԱՄի մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն, մարզիչներուն եւ կամաւոր աշխատողներուն, որոնք համբերատարութեամբ եւ ծանր աշխատանքով կարողացան իրենց խումբերը մասնակից դարձնել մրցումներուն եւ հրաւիրեց զանոնք դարձեալ մասնակցելու Նոյեմբեր 2012ին սկիզբ առնող 29րդ ՔԱՀԱՄին:
ՔԱՀԱՄի մասնակից վարժարաններու տնօրէններու անունով ելոյթ ունեցաւ «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Ալինա Տօրեանը, որ ընդգծելով մարզանքի կարեւորութիւնը մարդու առողջութեան համար ըսաւ. «Առողջ մարդու համար մարզանքը ոչ միայն հաճելի է, այլ եւ անհրաժեշտ: Ինչքան գիտութիւնն ու գրականութիւնն է հարկաւոր մարդուն համար, նոյնքան եւ մարզանքն է հարկաւոր մարդու հաւասարակշիռ կենսաձեւին համար: Այսօր հաւաքուել ենք Քալիֆորնիոյ Հայ աշակերտական 28րդ մարզախաղերի փակման հանդիսութեան թէ՛ ուրախանալու, թէ՛ վայելելու մեր մարզական բաժնի հերոսներին եւ թէ՛ գնահատելու ձեր այս տարուան յաջողութիւնները»:
Ապա, իր խօսքը ուղղելով ներկայ աշակերտութեան շարունակեց՝ «Այժմ, մենք միասին մեծարելու ենք ձեզ սիրելի աշակերտներ, սիրելի մարզիկներ, որ ձեր նուիրեալ աշխատանքով, անխոնջ ջանքերով գրաւեցիք ոչ միայն պատուաբեր դիրքեր մարզական ասպարէզում, այլեւ գրաւեցիք մեր բոլորի սրտերը: Սրտանց մաղթում եմ ձեզ նորանոր յաջողութիւններ թէ՛ մարզական ասպարէզում եւ թէ՛ ձեր դպրոցական եւ անձնական ձեռքբերումներում»:
Իսկ ակնարկելով ներկայ ծնողներուն եւ հիւրերուն վստահեցուց, թէ անոնց ապագայի ճամբան հարթ ու կանաչ կրնայ ըլլալ, եթէ հաւաքական բարեացակամութիւն, աշխատանք եւ եռանդ ցուցաբերեն: Եզրակացնելով, ան կոչ ըրաւ ներկաներուն համագործակցութեամբ կերտելու իրենց երեխաներու եւ մեր ազգի փայլուն ապագան:
Դոկտ. Ալինա Տօրեանի տպաւորիչ պատգամէն ետք, Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնները փոխանցեց Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանը, որ իր հերթին նաեւ շնորհաւորեց մարզախաղերու կազմակերպումը եւ քաջալերեց հայ աշակերտ մարզիկները անպայման մասնակցելու ՔԱՀԱՄին՝ «Առողջ մտածելակերպ, առողջ մարմնի մէջ» կարգախօսով առաջնորդուելով:
Քահանայ հայրը ապա ՔԱՀԱՄի յաղթանակի բաժակները օրհնեց, որպէսզի յանձնուին օրուան ախոյեաններուն:
Յաղթանակի բաժակները յանձնեց ՀՄԸՄի Շրջ. մարզական խորհուրդին: Ախոյեան դպրոցներու անունները յայտարարուեցան նոյն Խորհուրդի գործավար, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի միաւորի խմբապետներէն Նարեկ Մեծաչեանի կողմէ, իսկ ախոյեանութեան բաժակները յանձնեցին Շրջ. վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանն ու Շրջ. մարզական խորհուրդի ատենապետ Քուինթ Չէմնիթսը: Ներկաները շնորհաւորական երկարաշունչ ծափողջոյններու արժանացուցին բաժակներ ստացողները:
Ախոյեանութեան մետալներու յանձնումէն ետք, օրուան հանդիսավար Սիւզի Օհանեան անգամ մը եւս շնորհաւորեց յաղթական աշակերտներն ու վարժարանները եւ հրաւիրեց ներկաները մասնակցելու ՔԱՀԱՄի աւարտած ձեռնարկին յաջորդող ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 37րդ Մարզախաղերու բացման հանդիսութեան:
Ստորեւ ՔԱՀԱՄի արդիւնքները ընդհանուր դասաւորումներու մէջ. (ՔԱՀԱՄի ամբողջական արդիւնքները կարելի է գտնել ՀՄԸՄի www.homenetmen.net կայքէջի վրայ)
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ
Ա.- «Շամլեան» Ազգ. վարժարան
Բ.- «Սրբոց Նահատակաց «Ֆերահեան» Ազգ. Վարժարան
Գ.- «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» Ազգ. Վարժարան
ՖՈՒԹՊՈԼ
Ա.- ՀԲԸՄի «Մանուկեան-Տէմիրճեան» Վարժարան
Բ.- «Շամլեան» Ազգ. Վարժարան
Գ.- «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» Ազգ. Վարժարան
ՎՈԼԻՊՈԼ
Ա.- «Սրբոց Նահատակաց «Ֆերահեան» Ազգ. Վարժարան
Բ.- «Շամլեան» Ազգ. Վարժարան
Գ.- ՀԲԸՄի «Մանուկեան-Տէմիրճեան» Վարժարան
ԹԵԹԵՒ ԱԹԼԷԹ (Խմբային միացեալ)
Ա.- «Շամլեան» Ազգ. Վարժարան
Բ.- «Սրբոց Նահատակաց «Ֆերահեան» Ազգ. Վարժարան
Գ.- ՀԲԸՄի «Մանուկեան-Տէմիրճեան» Վարժարան