
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ մէջ Կիրակի եւ Երկուշաբթի, Մայիս 20-21ին տեղի ունեցած են բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին քննադատուած է Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վարած քաղաքականութիւնը: Ցոյցերուն միացած են նաեւ արաբ երիտասարդներ՝ դատապարտելով Սուրիոյ ներքին տագնապին միջամուխ ըլլալու Անգարայի փորձերը:
Այս ցոյցերուն զուգահեռ, Հալէպի համալսարանի ուսանողները բազմահազարանոց հանրահաւաք մը կազմակերպած են՝ աջակցելով նախագահ Պաշշար Ասատի առաջարկած բարեփոխումներու ծրագիրին եւ դատապարտելով զինեալ խմբաւորումներու ահաբեկչական գործունէութիւնը:
Նաեւ, թուրք հրամանատար Թիւրքեր Էրթիւրք յայտարարած է, որ Էրտողանի կառավարութիւնը «ահաբեկչութիւն կ՛արտահանէ դէպի դրացի երկիրներ»: Ըստ անոր՝ Էրտողանի արտաքին քաղաքականութիւնը կը նպաստէ շրջանին մէջ լարուածութեան բորբոքման:
Թրքական լրատուամիջոցներ նաեւ կը հաղորդեն, որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի սուրիական կողմին վրայ սուրիական բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներու միջեւ բախումներուն հետեւանքով, Սուրիա որոշած է միակողմանի կերպով փակել Պապ Հաուայի սահմանակէտը: Ներկայիս Քիլիս քաղաքին մօտ գտնուող սահմանային կէտը միայն բաց է:
Վերջապէս, Ութեակի խմբակի երկիրները, անցած շաբաթավերջին յայտարարեցին, թէ Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ բոլոր կողմերը պէտք է ամբողջութեամբ կատարեն ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրի պարտաւորութիւնները՝ աւելցնելով, թէ խստօրէն կը դատապարտեն Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւնները: