
ՀՌՈՄ, «Ռոյթըրզ».- Իտալիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ Կիրակի, Մայիս 20ին տեղի ունեցած երկրաշարժ մը, որուն ուժգնութիւնը 6 էր Ռիխթըրի աստիճանաչափով, առնուազն 7 զոհ խլած է եւ պատճառած է առնուազն 50 վիրաւոր: Բազմաթիւ շէնքերու կողքին, շրջանին մէջ գտնուող պատմական կառոյցներ, ներառեալ՝ եկեղեցիներ, աշտարակներ եւ 14րդ դարու դղեակ մը վնասուած են: