
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 46րդ ընտրատարածքի աթոռին իր թեկնածութիւնը առաջադրած Ատրին Նազարեան, վերջերս ապահոված է Քալիֆորնիոյ եւ Լոս Անճելըսի համալսարանական դասախօսներու շարք մը միութիւններու աջակցութիւնը:
Նազարեանի ընտրապայքարին նեցուկ կանգնելու յայտարարութիւններ կատարած են Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարաններու ուսուցիչներու եւ անձնակազմի միութիւնը, Քալիֆորնիոյ համայնքային համալսարաններու դասախօսներու միութիւնը, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի համալսարանի դասախօսներու միութիւնը:
Նազարեան Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի անձնակազմին պետն է, պաշտօն մը՝ զոր վարած է նաեւ այն օրերուն, երբ Գրիգորեան Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ էր: Ան նաեւ հայ համայնքէն ներս գործօն ներկայութիւն մըն է:
Ատրին Նազարեան հասակ նետած է Սան Ֆերնանտօ հովիտին մէջ. տնտեսագիտութեան ճիւղին մէջ իր Պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն եւ մասնակցած է վարժողական շարք մը ծրագիրներու: Ան աշխատած է քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի գրասենեակին մէջ, իսկ Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Կրէյ Տէյվիսի կողմէ նշանակուած է Քալիֆորնիոյ առեւտուրի յանձնաժողովի յատուկ օգնական: Ան «Ֆերահեան»ի 1991ի շրջանաւարտներէն է եւ եղած է ՀԵԴի ու ՀՄԸՄի անդամ:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախնական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 5ին: 46րդ ընտրատարածքին մէջ կ՛իյնան Շըրմըն Օքսը, Թոլուքա Լէյքը, Սթուտիօ Սիթին, Վելի Վիլեճը, Վելի Կլենը, Վեն Նայսը, Նորթ Հոլիվուտը, Փանորամա Սիթին, Նորթ Հիլզը, Լէյք Պալպօան եւ Հոլիվուտ Հիլզը: