
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Մայիս 10ին, Կլենտէյլի «Օքմոնթ Քուանթի» ակումբին մէջ տեղի ունեցած հաւաքոյթի մը ընթացքին, Կլենտէյլ քաղաքի Կանանց յանձնաժողովը մեծարեց քաղաքի չորս կիներ՝ զանոնք նկատելով «Կլենտէյլի գոհարներ»:
8րդ տարեկան այս հաւաքին ընթացքին մեծարեալներէն մէկն էր Քրիսթին Յովնանեանը, որ իր ելոյթին ընթացքին նախ շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնաժողովին՝ իրեն տրուած այս պատիւին համար, ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց իր «երկրորդ ընտանիք»ին՝ ՀՕՄին, յատկապէս ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ու «Սիփան» մասնաճիւղի անդամներուն, որոնք իրեն առիթ ընծայած են սպասարկելու իր փափաքին գոհացում տալու՝ վստահեցնելով, որ պիտի շարունակէ իր կամաւոր սպասարկութիւնները մատուցանել ՀՕՄին ու Կլենտէյլ քաղաքին:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր ամուսնոյն եւ քրոջ, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան թեմի Ազգ. վարչութեան ատենապետուհիին, Կլենտէյլի ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան, Քալիֆորնիոյ հայ երիտասարդաց միութեան վարչութեան, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին, Ամերիկահայ առեւտուրի գրասենեակի վարչութեան, Ասպարէզի ծրագրման կեդրոնին (Career Planning Center), «Ուելզ Ֆարկօ»ի փոխնախագահին ու անձնակազմի անդամներուն:
Քրիսթին Յովնանեան ծնած է Պաղտատ, Իրաք, եւ հոն ապրած է մինչեւ Միացեալ Նահանգներ գաղթելը՝ 1979ին: Քաղաքական անկայուն եւ տագնապալի պայմաններու տակ, արգելքներ յաղթահարելու անոր կարողութիւնը առաջին անգամ ի յայտ եկած է, երբ ան յաջողութեամբ իրագործած է պսակաւոր տիտղոսի տիրանալու իր ցանկութիւնը:
Իրաքի մէջ ապրելու սահմանափակումները նկատի ունենալով՝ ան հետապնդած է «ամերիկեան երազը»՝ աշխատելով «Քրաքըր Նեշընըլ» դրամատան մէջ (ներկայիս՝ «Ուելզ Ֆարկօ»). քանի մը ամիս ետք միայն Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելով՝ մնացած է նոյն դրամատան պաշտօնեայ, մինչեւ 1988, հասնելով դրամատան մասաճիւղի վերահսկիչի պաշտօնին: Ապա ան բացած է ծաղկավաճառի «Սօսիս Ֆլաուըրզ» խանութը, Կլենտէյլի մէջ: Հակառակ սեփական գործ ունենալու դժուարութեանց եւ պայքարներուն, Ք. Յովնանեան կրցած է իր ընտանիքին ապրուստը ապահովել՝ գործակցելով Կլենտէյլի «Էտվենթիս»չ դարմանատան ու «Մեմորիըլ» հիւանդանոցին հետ:
Իբրեւ ընկերային ծառայութեան մարզի աշխատակից՝ ան ներկայիս եւ վերջին 13 տարիներուն ընթացքին ամէնօրեայ դրութեամբ նեցուկ կը կանգնի շատերու: Ան մխիթարած է ընտանեկան բռնարարքներու բազմաթիւ զոհեր՝ միաժամանակ անոնց կեանքը դնելով շիտակ հունի մէջ: Ան ներկայիս կը հետեւի «ՔելՈւորքզ» ծրագիրի մասնակից մօտաւորապէս 130 պարագաներու՝ անոնց խորհրդատուական օժանդակութիւն տրամադրելով՝ կրթական, աշխատանքի ապահովման եւ այլ բնագաւառներու մէջ, որպէսզի անոնք հասնին ինքնաբաւութեան մակարդակի:
Քրիսթին Յովնանեան ամուսնացած է Վարանդ Յովնանեանի հետ, 30 տարիներու անդամ է ՀՕՄին՝ գործնականօրէն նպաստելով ոչ միայն գաղութէն ներս, այլեւ ՀՕՄի աշխարհատարած գործունէութեան: Ան գործօն անդամ է ՀՅԴի, Քալիֆորնիոյ հայ երիտասարդաց իրանահայ միութեան եւ Կլենտէյլի Հայ երիտասարդական կեդրոնին: Վերջերս ան մեծարուած է նաեւ Ասպարէզի ծրագրման կեդրոնին եւ «JVS/CPC GAIN»ի Բ. շրջանին կողմէ: