ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 16 Մայիսին Հայաստանի կառավարութիւնը սկսած է վերահսկել եւ հետեւիլ պետական 15 տեսչութիւններու աշխատանքներուն։ 17 Մայիսին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան։ «Բազմաթիւ ոլորտներում ունենք լուրջ յառաջընթաց, բայց կան բազմաթիւ պետական ծառայութիւններ, որտեղ պիւրոկրատական քաշքշուկներ կան, կայ կաշառք, քաղաքացիների կողուպուտ», հաստատած է վարչապետը:
Ան խոստացաւ 2 շաբաթուան ընթացքին հսկողութեան արդիւնքները ներկայացնել հանրութեան ուշադրութեան, սակայն յստակ կերպով չըսաւ, թէ իր խօսքը յատկապէս ո՛ր ծառայութիւններուն կը վերաբերի: