
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի երեկոյեան Մանաս Պուճիքեանի մօտիկ մարդիկ հաւաքուած էին «Ֆինիշիա» ճաշարանը՝ տօնելու համար Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի հիմնադիր վարչութեան անդամ, Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան յարատեւօրէն սատարող, համայնքիս միութենական կեանքին իր մշտական ներդրումը բերած սիրելի ընկերոջ եւ բարեկամին 80րդ տարեդարձը: Հաւաքոյթը անակնկալ էր Մանասի համար:
Երեկոն վերածուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին զօրակցութիւն յայտնելու առիթի. ներկաները փոխան նուէրի, գնահատելով Մանասի նուիրումն ու ներդրումը՝ իրենց կարգին նուիրատուութիւն կատարեցին Հայ Դատի թելեթոնին:
Ձեռնարկին ներկայ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, յոբելեարին փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ անոր շնորհուած «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանը: Այս մասին մանրամասնօրէն կը տեղեկագրենք յառաջիկային: Մինչ այդ՝ միացէք Հայ Դատի զօրակցութեան շարժումին՝ Կիրակի օր մասնակցելով թելեթոնին: