
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Յաղթանակի տօնի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուան առիթով 7 Մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Նախագահը շնորհաւորած է ներկաները՝ Եռատօնի առթիւ եւ պետական պարգեւներ յանձնած է խումբ մը երախտաւորներու: Իր խօսքին մէջ նախագահը ընդգծած է, որ մայիսեան փառաւոր յաղթանակները ապացուցեցին ամբողջ աշխարհին, որ հայը ի վիճակի է պաշտպանելու իր հայրենիքը, ստեղծելու եւ մնայուն կերպով ամրապնդելու իր անկախ պետականութիւնը:
Արարողութեան կը մասնակցէին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ, Հայրենական մեծ պատերազմի եւ Արցախեան ազատամարտի վեթերաններ, պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Սփիւռքէն ժամանած հիւրեր:
Եռատօնին առիթով Բակօ Սահակեանի ստորագրած հրամանագիրներով հայրենիքի պաշտպանութեան իմաստով իրենց ցուցաբերած բացառիկ քաջութեան եւ անձնական արիութեան համար «Մարտական խա»չ առաջին աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած են 2 հոգիներ, «Մարտական խա»չ երկրորդ աստիճանի շքանշանով՝ 3 ուրիշներ:
Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին ցուցաբերած անձնական արիութեան համար «Արիութեան համար» մետալով պարգեւատրուած են 42 անձեր, որոնցմէ 18ը՝ յետ մահու:
Մարտական առաջադրանքները կատարելու նպաստող հմուտ, համարձակ գործողութիւններու, զօրքերու մարտական պատրաստուածութեան ապահովման, երկրի սահմանները պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար «Մարտական ծառայութիւն» մետալի արժանացած են 620 հոգի, 20ը՝ յետ մահու:
Շուշի քաղաքի ազատագրման համար մղուած մարտերուն ընթացքին ցուցաբերած անձնական խիզախութեան համար «Շուշիի ազատագրման համար» մետալով պարգեւատրուած են 57 հոգի, 8ը՝ յետ մահու:
«Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրուած են 2 անձեր, «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալով՝ 4 հոգի, «Երախտագիտութիւն» մետալով՝ 12 հոգի եւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» բժշկական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը (կեդրոնատեղի՝ Միացեալ Նահանգներ):
Մարմնակրթութեան զարգացման իմաստով ունեցած վաստակին համար Լեռնային Ղարաբաղն մարմնակրթութեան վաստակաւոր աշխատողի պատուաւոր կոչում շնորհուած է մէկ անձի:
Նոյն օրը նախագահը ստորագրած է նաեւ 5 ազատամարտիկի ինքնաշարժ տրամադրելու գծով որոշում։
Երկրի ղեկավարը ստորագրած էր նաեւ որոշում մը, որուն համաձայն, խումբ մը Հայրենական մեծ պատերազմի վեթերաններու, Պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայողներու, Արցախի ազատամարտիկներու, զոհուած եւ անյայտ կորած ազատամարտիկներու հարազատներուն, ընդհանուր թիւով 200 հոգի, արժէքաւոր նուէրներ պիտի յանձնուին: