
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի
Անանի բանբեր Ահմատ Ֆաուզի Ուրբաթ, Մայիս 4ին յայտնեց, որ Անանի խաղաղութեան ծրագիրը կը գործադրուի, սակայն «դանդաղ քայլերով»:
Ան աւելցուց, թէ քուլիսներու ետին բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Սուրիոյ իշխանութեանց եւ ընդդիմադրութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ զինադադարի պայմաններու ամբողջական գործադրութիւնը ապահովել:
Միւս կողմէ՝ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Անանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է: Տաւութօղլուին հեռաձայնելով՝ Անան անոր ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ գործող դէտերու առաքելութեան գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ: Շուրջ 15 վայրկեան տեւած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, Տաւութօղլու ներկայացուցած է Սուրիոյ իրավիճակին մասին թրքական կողմին տեսակէտը:
Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարեց, որ «Քայիտա» կը փորձէ Սուրիոյ մէջ պայթուցիկ իրավիճակ մը ստեղծել: «Մենք չափազանց անհանգստացած ենք այն բանով, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, մասնաւորաբար «Քայիտա»ն, կը փորձեն երկրին մէջ տիրող իրավիճակը իրենց նպատակներուն համար օգտագործել: Ի հարկէ, մենք նախկինին պէս սուրիական կառավարութենէն կը պահանջենք զօրքերը տագնապալի գօտիէն դուրս բերել եւ շարունակել ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրին գործադրութիւնը», ըսաւ ան:
Մինչ այդ, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ 133 անձեր Ռիֆ Տիմաշքի մէջ անձնատուր եղած են եւ խոստացած այսուհետեւ զէնք չբարձրացնել, իսկ բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը Հինգշաբթի հաղորդեց, որ Սուրիա 2010ին 168 միլիոն տոլար արժողութեամբ զէնք ներածած է:
Սուրիական պաշտօնական աղբիւր մը «Արապիա» կայանին յայտնած է, որ երկրին մէջ տիրող կացութեան պատճառով, Հալէպի համալսարանը ժամանակաւորապէս պիտի փակուի: Հալէպի պետական համալսարանին մէջ բազմամարդ ուսանողական ցոյցէ մը ետք, սուրիական ապահովական ուժերը Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին համալսարան ներխուժած են: